Երկուշաբթի՝ 5 Յուլիս 2021-ի գիշեր մահացած է նշանաւոր տուտուկահար եւ երգահան Ջիւան Գասպարեանը։ Այս մեծ կորուստ եւ ցնցում մըն է համայն հայ ժողովուրդի համար:
Տուտուկահար ու երգահան, ժողովրդական արուեստագէտ Ճիւան Գասպարեան յառաջացած տարիքի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։ Իր անուանակից թոռնիկը բօթը ընկերային ցանցերու միջոցաւ գրառումով մը տեղեկացուց. «Այս գիշեր աշխարհ ունեցաւ աներեւակայելի կորուստ մը։ Թող ան հանգչի խաղաղութեամբ։ Շատ մեծ ցաւով կը գրեմ իմ մեծ կորուստի մասին։ Աստուած հոգին լուսաւոր երկինքի մէջ պահէ»։
Ճիւան Գասպարեան մեր ժամանակներու մեծագոյն երաժիշտներէն մին էր։ Ան մէկ կողմէ արուեստի համամարդկային գագաթները նուաճած էր, իսկ միւս կողմէ այդ ճանապարհին վրայ միշտ արծարծուած, վառ արտայայտուած եւ ընդգծուած պահած էր հայկականը։ Իր յաջողութիւնները միայն երաժշտութեան բնագաւառով չէին սահմանափակուած, որովհետեւ իր յօրինումները շարժանկարի աշխարհէն ներս ալ մեծ ընդունելութեան կ’արժանանային, դափնիներու եւ պարգեւներու տիրացած գործերու անբաժանելի մասը կը համարուէին։
Աշխարհահռչակ եւ անկրկնելի վարպետը երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ կ’առնէ իր ետին թողլով վիթխարի ժառանգութիւն մը, որ դարերու ընթացքին պիտի մնայ կենդանի։