44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնին մէջ ցուցադրուող ձեռագրերու կրկնօրինակները, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագրերն ու հնատիպ գիրքերը տեղափոխուած են Մաշտոցեան Մատենադարան։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Մատենադարանը՝ վստահեցնելով, որ բոլոր բնօրինակները Մաշտոցեան Մատենադարանի պահուածներուն մէջ են։
Հաղորդագրութեան մէջ կ՝ընդգծուի, որ պատերազմէն ետք կրկնօրինակներուն մէկ մասը կրկին վերադարձուած է Գանձասար։ Այժմ այնտեղ կը գտնուին միայն ձեռագրերուն կրկնօրինակները։