2020-ին, Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղին մէջ՝ Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնին մէջ պիտի իրականացուի մանրանկարչութեան ամառնային դպրոց։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է կեդրոնի տնօրէն Արամ Թորոսեան։
2019-ին Մաշտոցեան Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղը՝ Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնը, ընդունած է մօտ 19,200 տեղացի եւ օտարերկրեայ այցելու. նախորդ տարուան համեմատ՝ այցելուներուն թիւը աճած է 3000-ով:
Մատենադարան-Գանձասարի գրադարանին մէջ այժմ կայ 3000 միաւորանոց հայագիտական արժէքաւոր գրականութիւն։
Թորոսեանը նշած է, որ 2020-ը կը խոստանայ ըլլալ ալ աւելի յագեցած՝ կը լրանայ մասնաճիւղի հիմնադրման 5-ամեակը։
«Մասնաճիւղի ցուցադրութիւնը աւելի դիտարժան պիտի ըլլայ՝ կը նախատեսուի քարտէզներու ցուցադրութիւն միջնադարեան բժշկութեան թեմայով, ինչպէս նաեւ այլ ցուցադրութիւններ։ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի կարգադրութեամբ շուտով մասնաճիւղին մէջ պիտի բացուի ժամանակաւոր ցուցադրութիւն՝ նուիրուած Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակին։ Մասնաճիւղի թանգարանային համալիրը այս տարի, կը կարծեմ, պիտի համալրուի նաեւ նոր ձեռագրերով»,- ըսած է տնօրէնը:
Խօսելով 2019-ի գործունէութեան մասին՝ Թորոսեանը ըսած է, որ 2019-ին մասնաճիւղին մէջ գումարուած է առաջին հայագիտական միջազգային գիտաժողովը՝ «Հայոց Արեւելից կողմանք․ պատմութիւն եւ մշակոյթ» խորագիրով։
2019-ին մասնաճիւղին մէջ բացուած է ժամանակաւոր ցուցադրութիւն՝ նուիրուած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի վերաբացման 30-ամեակին։
2019-ի վերջը, մասնաճիւղին մէջ բացուած է գրադարան-ընթերցասրահ, այդպիսով մայր կառոյցի՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի թուային ամբողջ ֆոնտը հասանելի դարձնելով նաեւ Արցախին։ Մասամբ համալրուած է մասնաճիւղին գրադարանը: