Մեծարանք Մաժակ Թօշիկեանի 60-ամեայ վաստակին

Բագրատ Էսդուգեան

 

5 Օգոստոս գիշեր Գնալը Կղզի Կազդուրման Կայանի խաղավայրին մեծ շուքով նշուեցաւ անուանի երգահան՝ Մաժակ Թօշիկեանի ստեղծագործական վաստակի 60-ամեակը:

Նախկին պոլսեցի, այժմ գանատաբնակ Մաժակ Թօշիկեան փոփ երաժշտութեան մարզէ ներսբազմաթիւ յօրինումներով ու դաշնաւորումներու արդար համբաւի մը տիրացած էր «Ճենք Թաշքան» կեղծանունով:

Ան հազիւ Գանատա տեղափոխուելէ ետք է, որ իր յօրինումները ստորագրեց մկրտութեան անունով եւ ծանօթ դարձաւ հայաշխարհի: Անոր ամենաշատ ժողովրդականացած գործը եղաւ Յովհաննէս Շիրազի խօսքերով «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» երգը: Այդ երգը «Հայաստանի երգիչներու կողմէ շատ յաջող կատարումներով հնչեց ամենուրէք: Նոյնքան փայլուն երգ մըն էր «Արարատ»ը, որ առաջին անգամ կատարուեցաւ պոլսահայ մեծ երգիչ Պարթեւ կարեանի կողմէ:

Մինչ այդ Մաժակ Թօշիկեան յօրինեց նաեւ աւելի ծաւալուն ստեղծագործութիւններ, օրաթորիոյի ձեւաչափով: Կ’արժէ յիշել Հրանդ Տինքի ձօնուած օրաթորիոն, որու խօսքերու հեղինակն էր Պերճուհի Պէրպէրեան եւ մենակատարներն էին սոփրանօ Այլին Աթէշ եւ թենոր Պօղոս Եղիազարեան: Միջոցառումը ձեռնհասօրէն ներկայացուց պոլսահայ բեմերու յայտնի հանդիսավար Գարոլին Մամիկոնեան: Ապա իրարու յաջորդեցին պոլսահայ համայնքի հանրածանօթ մենակատարներ, Պարթեւ Կարեան, Արի Պարութօղլու, Թաթիանա Պոսթան, Մարալ Աթաման, Մերճան Կազերօղլու, Մարալ Այվազ եւ Լիւսի Գահվեճիօղլու:

«Մարալ» պարախումբը եւս անմասն չէր մնացած այս եզակի միջոցառումէն եւ ան ալ իր մասնակցութիւնը բերագ «Ողբերգ», «Սարդարապատ», «Փողոցային Պար» եւ «Քոչարի» պարերով:

Միջոցառումը աւարտին հասաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի ելոյթով խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի:

Այս բոլորէն ետք մեծարեալ Մաժակ Թօշիկեան իր երախտիքը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ մասնակից բոլոր արուեստագէտներուն:

Քաղաքապետ Էրճան Աքփոլաթ եւս գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ շնորհաւորեց մեծարեալ Մաժակ Թօշիկեանը:

Պատրիարք Սրբազանը արտասանած հուսկ բանքով եւս ողջունեց Մաժակ Թօշիկեանի վաստակը արեւշատութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով յոբելեարին: