Մեծ շուքով նշուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը

Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Սեպտեմբեր 6-ին տեղի ունեցաւ յօրինող, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, որ իրկանացաւ «Մայեստրօ Մանսուրեան-80» համերգաշարի ծիրին մէջ՝ նուիրուած Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակին:

Սիմֆոնիք նուագախումբին կատարողութեամբ հնչեցին հայ դասական երաժշտութեան վարպետին շարժապատկերներու երաժշտութիւնը ներկայացնող ստեղծագործութիւնները:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեան մեր ժամանակակից արուեստի եւ երաժշտութեան մեծագոյն դէմքերէն է՝ դիտել տալով, որ, թէեւ մարդիկ կը կարծեն, թէ ան բախտաւոր է եւ լաւ աստղի տակ ծնած, սակայն անոր կեանքը եղած է պայքար՝ յաղթանակ կերտելու միտումով։

«Իրականութեան մէջ, սակայն, սա ոչ թէ բախտի նուէրն է մարդուն, այլ մարդու յաղթանակն է ճակատագրի նկատմամբ, որովհետեւ մարդ, որ ծնած է Լիբանան որպէս գաղթական եւ լաւ կեանքի յոյսով յայտնուած Խորհրդային Հայաստան, յայտնուած ծայրայեղ ծանր ընկերային իրավիճակի մը, ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ եւ ահա այդ կէտէն կարցած է բարձրանալ դէպի ստեղծագործական փառքի երկնակամար:

«Այս պատմութիւնն է ինծի համար ահա աւելի կարեւոր, որովհետեւ երբ մայեստրօն այդ օրը կը պատմէր իր պատմութիւնները, այդպէս կ՛ըլլայ Հայաստանի ընտանիքներու 90 տոկոսին հետ, հարազատները կ՛ըսեն՝ լաւ, այդ դժուար պատմութիւններու, դժուարութիւններու, խնդիրներու մասին պէտք չէ պատմել եւ այլն, ես կ՛ըսէի՝ ոչ, հակառակը, ատիկա պէտք պատմել՝ ցոյց տալու համար մարդու յաղթանակը սեփական ճակատագրի նկատմամբ: Որովհետեւ այդ պատմութիւնը ինծի համար կարեւոր է ոչ թէ Տիգրան Մանսուրեանը բնորոշելու, այլ կարեւոր է ուրիշներուն, մանաւանդ այսօր ցոյց տալու համար, որ ահա կայ սեփական յուսահատութիւնը, սեփական անօգնականութիւնը, սեփական փակուղիի զգացողութիւնը յաղթահարելու ճանապարհ, եւ մարդը բաւարար չափով ուժեղ է ինքն իր ճակատագրին, ուրիշներու կողմէ իրեն պարտադրուած ճակատագիրը յաղթահարելու համար, ինքն իրեն յաղթահարելու համար, պարտութեան դատավճիռը յաղթահարելու եւ յաղթելու համար»,- նշած է Փաշինեան։

Վարչապետը դիտել տուաւ, որ այդ պատճառով ալ Տիգրան Մանսուրեանի կերպարը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անոր կերպարը պէտք է օգնէ ուրիշներուն եւ քաջալերէ զանոնք՝ յաղթահարելու իրենց յուսահատութիւնը եւ վստահութիւն ունենան իրենց սեփական ուժերուն նկատմամբ:

«Ես միշտ մտածած եմ, որ գոնէ կինօերաժշտութեան բնագաւառին մէջ մայեստրոյին գլուխ գործոցը «Կտոր Մը Երկինք»ն է, եւ ես հասկցայ, որ իմ ոչ-մասնագիտական կարծիքը գուցէ կը կիսեն նաեւ մասնագէտները, ես ատիկա կռահեցի նաեւ համերգի երաժշտութիւններու յաջորդականութենէն:

«Եւ ահա այդ փաստը, կւ կարծեմ, կու գայ լրացնելու իմ ըսածս, որովհետեւ, այո՛, այդ գլուխ գործոցը նոյնպէս ցոյց կու տայ մարդու յաղթանակը սեփական ճակատագրի նկատմամբ, մարդու ազատագրումը իրեն պարտադրուած պայմաններէն, մարդու ուժը, մարդու կամքը, մարդու հզօրութիւնը, եւ կը կարծեմ, որ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութեան հզօրութիւնը ատոր մէջ է: Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութիւնը ոըժ կու տայ, լաւատեսութիւն, միասնականութեան զգացողութիւն, որովհետեւ մենք, գուցէ օրուան ընթացքին տարբեր տեղեր գտնուելով, տարբեր զգացողութիւններ կ՛ունենանք՝ երբեմն դրական, երբեմն ժխտական, բայց երբ մենք հաւաքուած ենք այս դահլիճին մէջ եւ կը հնչէ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութիւնը՝ մենք բոլորս միաւորուած ենք նոյն զգացողութեամբ, այդ ստեղծագործութեամբ, այդ հանճարի, այդ տաղանդի, հրճուանքի զգացողութեամբ»,- շեշտած է Փաշինեան:

Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիգրան Մանսուրեանին՝ անոր տաղանդին եւ աւանդին համար։