Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին հայկական վանական միաբանութեան թանգարանէն ներս մերձաւորարեւելեան զէնքի մասնագէտ Վիթորիա Դալարմելինան յայտնաբերած է ոչ մեծ սուր մը, որուն յետագայ ուսումնասիրութիւնը փաստած է անոր մօտաւորապէս 5000 տարեկան ըլլալը:
Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանէն ներս պահուող սուրը երբեք չէ ուսումնասիրուած: Դալարմելինան սուրին գիտական հետազօտութիւն ընելու արտօնութիւն ստացած է եւ հաստատած է, որ այդ սուրը աշխարհի ամենահին սուրերէն է, անիկա պատրաստուած է մօտաւորապէս ՔԱ 3000 թուականին: