Մովսես Խորենացի

5-րդ դարու 60-ականներ, Վաղարշապատի յարակից գիւղը հիւր է Ամենայն հայոց Գիւտ կաթողիկոսը։ Սեղանակիցները գիւղին մէջ ապրող օտարական ծերունիէն կը խնդրեն որ Կաթողիկոսին ի պատիւ բաժակաճառ ըսէ։ Ծերունին շարականի ոճով կը ճառախօսէ։ Բոլորը կը ցնցուին։ Գիւտ կաթողիկոսը կը մոտենայ ծերունիին ու խոնարհելով կը համբուրէ իր ուսուցիչին որուն երկար տարիներ էր որ կը փնտրեր։ Այդ ծերունին Մովսես Խորենացին էր, հայ գրաւոր մշակոյթի Ոսկեդարի մեծագոյն գործիչը։