Մովսէս Խորենացիի աշխատանքը այսօր ալ մեծ դեր կը խաղայ հայերու ինքնագիտակցութեան մէջ: Հայ մեծանուն պատմիչ Մովսէս Խորենացիի մասին յօդուած հրապարակած է Ancient.eu առանց հանրագիտարանը, կը հաղորդէ armeniasputnik-ը:
Յօդուածին հեղինակ Մարք Քարթրայթը կը նշէ, որ 5-րդ դարու պատմիչ Մովսէս Խորենացին «պատմահայր» կ՛անուանեն իր «Հայոց պատմութիւն» մեծածաւալ աշխատութեան համար:
Յօդուածին մէջ հեղինակը կը պատմէ անոր կեանքի մասին եւ կը գրէ, որ Խորենացիին ուսուցիչը հայոց գիրերու ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցը եղած է:
«Հայ պատմաբանը կ’ըսէ, որ զինք ուսանելու նպատակով ուղարկած են Եդեսիա, Ալեքսանդրիա, Կ․ Պոլիս եւ Աթէնք», — կ’ընդգծէ Քարթրայթը:
Անոր խօսքով` հայերու պատմութիւնը, որ առաջին անգամ տպուած է 1695-ին, ազդած է աւելի ուշ շրջանի պատմաբաններու վրայ, իսկ Հայաստանի պատմութեան բազմակողմանի լուսաբանումը նպաստած է հայերու ազգային ինքնութեան զգացումի զարգացման:
«Հակառակ անոր, որ Մովսէս Խորենացիի աշխատութեան մէջ որոշ տուեալներ կրնան վիճելի ըլլալ, անոր գիրքը Հայաստանի պատմութեան անքակտելի մասն է: Հայ նահապետ Հայկի մասին առասպելը այսօր ալ կը դասաւանդեն աշխարհի ամբողջ հայկական դպրոցներուն մէջ: Անշուշտ, Խորենացիի աշխատութիւնը առաջուան պէս կը շարունակէ կարեւոր դեր խաղալ հայերու ազգային ինքնութեան մէջ նաեւ 21-րդ դարուն», — կը նշէ յօդուածին հեղինակը:
«Հայոց պատմութիւն»-ը կ’ընդգրկէ հայ ժողովուրդի ձեւաւորումէն մինչեւ 5-րդ դարու պատմութիւնը եւ կը հանդիսանայ հին հայկական առասպելներու, հեթանոսական սովորոյթներու եւ այլ ժողովուրդներու հետ հայերու կապերու մասին նիւթերու ամենահարուստ աղբիւրը: Մովսէս Խորենացիի մասին կ’ըսեն «հայոց պատմահայր» կամ «քերթողահայր»: Հայերը անոր այդ տիտղոսները տուած են, քանի որ ան մեզի հասցուցած է հայոց ամբողջական պատմութիւնը` հայոց մեծերու ծննդաբանութենէն մինչեւ իր ապրած ժամանակները: