Նորէն Մարտի ութն է։
Չեմ մոռցած։
Հալէպի սո՛ւր ձմրան ցուրտ օրերուն, առտու կանուխ, մայրս մեր տան վառարանին վրայ մեր դպրոցական հագուստները կը տաքցնէր…
Կ’ուզեմ գրել որ դեռ մէ՛ջս է այդ տաքութիւնը՝ բարի…
Բայց…
Սուր չէ՛ Եգիպտոսին Ձմեռը.
թերեւս նոյնի՛սկ Ձմեռ ալ չէ՛ այստեղ…
Բայց արդէն երեք տարիէ, տղուս հագուելիքները կը տաքցնեմ ես…
Մերթ կ’ախորժի, մերթ ալ կը դժգոհի ան, այս տաքութենէն՝ անհասկնալի…
Սխալած եմ՝ չարաչար, երբ
հաւատացած եմ որ տղուս տաքցնելու համար է՛ որ, մօրս պէս՝ ես ալ, անոր հագուստները վառարանին վրայ կը դնեմ…
հասկցայ, որ ե՛ս եմ պաղողը՝ ԴԵՌ եւ վառարանին վրայ դրուածը, իմ հոգիս է՝ մերկ…
Հասկցայ որ մէ՛ջս է այդ ցուրտը, շուրջինս՝ հէքեաթ մըն է ձմեռնային…
Եւ…
Հասկցայ որ յամառօրէն ջերմանալու աս ջանքս ա՛լ, ինքնակամ խաբկանք մըն է մէջիս ցուրտին դէմ՝ անհողմ բայց դաժա՛ն…
Մարտի ութն է։
Այս տարի ա՛լ պիտի վառեմ քու մոմերդ՝ տխուր…
Չըլլալովդ պիտի պակսի՜մ
Կարօտովդ պիտի այրի՜մ
Բայց պիտի պաղիմ ես մի՛շտ…
Սեւան Սեմէրճեան