Նոր գիրք՝ «Բաժնուած կղզին» 

Լոյս տեսաւ լրագրող, հրապարակախօս Սագօ Արեանի նոր գիրքը՝ «Բաժնուած կղզին» խորագրով: Գիրքը նուիրուած է Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի մէկ մասի գրաւման հետեւանքով ներխուժումի սարսափը ապրած, ապա՝ ունեզրկուած հայերու պատմութիւններուն: Հեղինակը գետնի վրայ հարցազրոյցներ  կատարած է 1960-70-ականներու կիպրական դէպքերու ականատես խումբ մը հայերու հետ, որոնք կը պատմեն այդ օրերուն մասին, կը խօսին կիպրական հարցի լուծման իրենց պատկերացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ յոյներու եւ թուրքերու հետ համատեղ նոյն կղզիին մէջ ապրելու կարելիութիւններուն մասին:

Գիրքը կը ներկայացնէ նաեւ նոր սերունդին տեսակէտը, որ տարբեր ձեւով  կ’ըմբռնէ կիպրական հարցը: Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի հիւսիսային մասի գրաւումով յառաջացած «Կիպրական հարց»ը մինչեւ օրս լուծում չէ ստացած. շատեր հարցը կը համեմատեն արցախեան խնդիրին կամ աշխարհի տարբեր տեղերու մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն հետ։

Որքանո՞վ ան նման է կամ տարբեր է. այս հարցի պատասխանը նոյնպէս կարելի է գտնել գիրքին մէջ ներգրաւուած ականատեսներու խօսքերուն ընդմէջէն։ Մէկ բան յստակ է՝ 50 տարի ետք տեղահանուած հայերը պատրաստ են կրկին համատեղ ապրիլ թուրք եւ յոյն կիպրացիներու հետ՝ յանուն կղզիին բարգաւաճման եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան։

Գիրքը գրուած է հեղինակին նկարահանած «Վիրաւոր կղզին» վաւերագրութեան հիման վրայ, որուն մէջ կիպրական հարցի իրենց մեկնաբանութիւնը կու տան նաեւ մասնագէտներ։

50 տարի առաջ Կիպրոսի մէկ մասի գրաւումը փոխեց նաեւ հազարաւոր հայերու ճակատագիրը, եւ անոնք մինչեւ հիմա լուծման ուղիներ կը սպասեն, հաւատալով, որ ճիշդ դիւանագիտութիւնն ու խելացի որոշումները կրնան յաջողիլ ի նպաստ Կիպրոս կղզիին, ուր 50 տարի առաջ միասին խաղաղ կ’ապրէին յոյները, թուրքերը, հայերը եւ այլք։