Նոր Հրատարակութիւն Մը Պոլսէն` «Հալէպի Պարոնները»

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեան կը գրէ.

«ԱՐԱՍ» հրատարակչատունէն այս շաբաթ մեր սեղանին վրայ դրուած գիրքերէն մէկն ալ նուիրուած է Հալէպի նշանաւոր «Պարոն» պանդոկի պատմութեան: Մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան ու անցուդարձներուն քիչ թէ շատ ծանօթ ամէն հայ անպայման լսած ըլլալու է Հալէպի այս նշանաւոր պանդոկին անունը, որ թէեւ հիմա անշքացած է ու կորսնցուցած է իր փառքի հին օրերը, բայց ատենօք, մանաւանդ 1915-ի ծանր օրերուն, ունեցած է շատ կարեւոր տեղ ու անուն, թատերաբեմ դարձած է քաղաքական կարեւոր անցուդարձներու կամ հանդիպումներու, իր անունը անմահացուցած է շրջանի պատմութեան մէջ:

Հալէպ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ կարեւոր քաղաքը կը նկատուէր այդ շրջանին: Ուստի Մազլումեան ընտանիքի անդամներուն կողմէ հիմնուած «Պարոն» պանդոկը ո՛չ միայն Հալէպի, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ամէնէն կարեւոր պանդոկներէն մէկը կը նկատուէր: Շրջանի քաղաքական մեծամեծները, զինուորական հրամանատարներ ու գործիչներ, այլազգի կամ օսմանցի` անպայման կը գիշերէին այս նշանաւոր պանդոկին մէջ, նոյնիսկ մնայուն բաժիններ կը վարձէին իրենց համար ու բնակութիւն կը հաստատէին:

Այսպէս` տարիներու ընթացքին շրջանի պատմութեան մէջ իր մասնաւոր տեղը ունեցաւ նաեւ «Պարոն» պանդոկին պատմութիւնը: 1915-ի տեղահանութեան ու կոտորածներու օրերուն Մազլումեան ընտանիքը իր պանդոկին մէջ պատսպարեց տեղահանութենէ փրկուիլ ջանացող Արամ Անտոնեանի կամ Երուանդ Օտեանի նման գրագէտներ: Բազմաթիւ հայ պատմիչներ խօսած են այս պանդոկին մասին, բայց «ԱՐԱՍ» հրատարակչատունը այս անգամ մեզի «Պարոն» պանդոկին պատմութիւնը կը հրամցնէ երկու իտալացի լրագրողներու գրիչէն` Ֆլաւիա Ամապիլէ եւ Մարքօ Թոսաթթի: Երկու իտալացի լրագրողները շատ լաւ ուսումնասիրեր են պանդոկին պատմութիւնն ու այդ շրջանի քաղաքական անցուդարձները, ապա ստեղծեր են հետաքրքրական ու բովանդակալից գիրք մը, որ կոչուեր է «Հալէպին պարոնները»: Գիրքը կը խօսի «Սուրիոյ մէջ պանդոկի մը, ընտանիքի մը եւ Միջին Արեւելքի վերջին հարիւր տարիներուն» մասին: Իտալերէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Ելտա Կիւրլեքի կողմէ: Ազգային պատմութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցողներուն համար` շատ հետաքրքրական գիրք մը ահաւասիկ, որ պիտի կարդացուի հաճոյքով, բայց երբեմն` սրտի ցաւով: