Այսպէս կ’արտայայտուի Ֆրանսայի Կոթ տը Ազուր-ի Վալ-մաթըն թերթի խմբագիր Միշըլ Միթրան, ֆրանսահայ երգերու վարպետ կատարող Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեանի քանի մը օր առաջ, Նիս-ի մէջ տեւած Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած համերգին մասին:
Նկարին մէջ կ’երեւայ բացօթեայ համերգին ներկայ հասարակութիւնը: Մօտ հազար խանդավառ հոգիներ ներկայ եղած են Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած այս համերգին որ Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեան իրեն յատուկ յաջող կատարողութեամբ երկար ժամեր ունկնդիրներուն տուած է Ազնաւուրի անզուգական երգերը կրկին լսելու հաճոյքը:
Բացառիկ կարգադրութեամբ մը, յառաջիկայ Ուրբաթ Սեպտեմբեր 13-ին երեկոյեան ժամը 8-ին Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ նոյն ինքը Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեան որ Մոնթրէալ պիտի գտնուի այդ օրերուն, պիտի ներկայացնէ Ազնաւուրին նուիրուած բացառիկ համերգ մը ընկերակցութեամբ մեր երիտասարդ արուեստագէտ դաշնակահար Արտէն Արապեան-ի:
Անհրաժեշտ է որ շուտով ապահովէք ձեր տեղերը այս բացառիկ վայելք մը ըլլալ խոստացող երեկոյթին: