Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մշտական ցուցադրութեան թանգարանին մէջ կը գտնուի ֆրանսահայ նկարիչ Կարապետ (Շարլ) Ադամեանի «Կինը ծովափին» կտաւը։
Ամռան ամիսներուն Շարլ Ադամեանը սովորաբար մեկնած է աթլանթեան ափ՝ Սէն Ժիլ Քրուա տը Վի համայնք, ուր վրձինած է բազմաթիւ հիասքանչ ծովանկարներ, հիմնականօրէն մարդկանց պատկերներով ծովափնեայ լուսառատ տեսարաններ, որոնք դարձած են իր «իւրայատուկ այցեքարտը»:
Արուեստի քննադատները միշտ նշած են Ադամեանի կտաւներու իւրատեսակ փայլը. կեանքի հանդէպ հրճուանք ներշնչող անոր նկարները լի են լոյսով ու թափանցիկ օդով, որոնք արուեստագէտը յաջողած է հաղորդել մանր, շարժուն վրձնահարուածներու միջոցով:
Առաջին գիծի վրայ պատկերուած կանանց ու մանուկներուն պատկերները ան, որպէս կանոն, ներկայացուցած է լուսընդդէմ դիրքով՝ ջրի մակերեւոյթին շաղուած աշխոյժ գունացոլքերու հիմքի վրայ։
Կարապետ Ադամեանը ծնած է Կոստանդնուպոլիս (1872-1947)։ Հայրը ոսկերիչ եղած է։ Ուսանած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանէն ներս։ Տասներեք տարեկանին մեկնած է Վենետիկ եւ ուսումը շարունակած է Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ, ուր գեղանկարչութեան մասնաւոր դասեր առած է իտալացի փրոֆէսոր Անթօնիօ Փաոլեթթիէն: Այնուհետեւ յաճախած է Վենետիկի Գեղարուեստի ակադեմիա, սակայն առանց աւարտելու՝ վերադարձած է Պոլիս, ուր 1895 թուականին բացած է իր առաջին ցուցահանդէսը ու միաժամանակ աշխատած է սուլթանական պալատի խեցեգործական արուեստանոցին մէջ, յաջողութեամբ ծառայած է արքունիքին ու բազմաթիւ մասնաւոր պատուէրներ ընդունած է։
1897-ին, համիտեան ջարդերուն պատճառով Ադամեանը գաղթած է Ֆրանսա: Քիչ ժամանակ անց Կարապետ (Շարլ) Ադամեանը մեծ ճանաչում ձեռք բերած է որպէս ձեւաւորման վարպետ. նկարազարդած է Ռընէ Պազէնի, Անատոլ Ֆրանսի, Կի տը Մոբասանի, Կուսթաւ Ֆլոպերի գիրքերը եւ աշխատակցած է առաջատար թերթերու եւ ամսագրերու հետ:
Կարապետ Ադամեանի կտաւներէն մաս մը կը գտնուին Փարիզի լիւքսէմպուրկեան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Պոյաճեան արուեստներու կեդրոնին եւ այլ թանգարաններու մէջ։