«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը պիտի իրականացուի Նոյեմբեր 1-8

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, այս տարի, տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 1-8: Այս մասին կը տեղեկանանք փառատօնի Facebook-ի պաշտօնական էջէն:

«Փառատօնի խումբը այս օրերուն ձեռնպահ մնաց հապշտապ յայտարարութիւններ ընելէն՝ կապուած Յուլիս 12-19 «Ոսկէ ծիրան»-ի իրականացման հետ, քանի որ թէ՛ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, թէ՛ իր բազմաթիւ հայաստանեան եւ օտարերկրեայ գործընկերներու, թէ՛ գործընկեր փառատօններու հետ կը քննարկուէին տարբեր սենարներ՝ առցանց փառատօնէն մինչեւ յետաձգում յաջորդ տարի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ «Ոսկէ ծիրան»-ի խումբը այժմ նպատակայարմար համարած է փառատօնը իրականացնել այս տարուան Նոյեմբեր 1-8: Այլ տարբերակներ եւս կան, բայց առ այժմ հաստատուած է Նոյեմբեր 1-8 ժամկէտը:

«Յուսանք՝ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Այս անգամ մենք Յուլիսին չենք հանդիպիր, բայց յոյս ունինք, որ Նոյեմբերին պիտի իրականացնենք «Ոսկէ ծիրան» տօնը»,-կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: