Ուիլիըմ Սարոյեանի մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած ֆիլմը արդէն հասանելի է համացանցի միջոցով

Հրանդ Տինքի եղբօր՝ Խոսրովի աղջկան, բեմադրիչ Լուսին Տինքի «Սարոյեանի երկիրը» ֆիլմը արդեն հասանելի է համացանցի միջոցով։ 2013-ին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած փաստագեղարուեստական այս ֆիլմը կը պատմէ անուանի ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի հայրենիքի կարօտին, դէպի հայրենի Պիթլիս կատարած ուղեւորութեան եւ այդ հողերուն վրայ ժամանակին եղած իրադարձութիւններու մասին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով gazetekarinca.com-ը։

20-րդ դարու համաշխարհային գրականութեան մէջ իր զգալի ներդրումը ունեցած Սարոյեանը կը փորձէ գտնել «Ո՞ւր է մարդու երկիրը» հարցին պատասխանը։
Սարոյեանը ծնած է 1908-ին՝ ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ վերաբնակեցուած հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ։ Ան ինքզինք միշտ ներկայացուցած է իբրեւ Պիթլիսէն սերող ամերիկահայ։ Սարոյեանը 1964-ին այցելած է այժմեան Թուրքիոյ իր հայրենի Պիթլիս քաղաքը։
«Սարոյեանի երկիրը» ֆիլմը կը սկսի 1900-ականներու սկիզբը մեծ գրողի ընտանիքի գաղթի պատմութեամբ։ Ապա կը ներկայացուի անոր այցը այժմեան Թուրքիա՝ դէպի Էրզրում, Աղրը, Վան եւ հայրենի Պիթլիս։

Ֆիլմին մէջ օգտագործուած են ինչպէս Սարոյեանի ընկերներու վկայութիւնները, այնպէս ալ անոր ստեղծագործութիւնները, մօր եւ հօր պատմած պատմութիւններու հիման վրայ գրի առնուած յուշագրութիւնները, որոնց մէջ արտացոլուած է հայրենիքի նկատմամբ կարօտը, խանդավառութիւնը սէրը, վիշտը, յոյսն ու յուսահատութիւնը։
Սարոյեանի մայրը անոր միշտ ըսած է, որ մարդիկ Պիթլիսի մէջ խօսած են երեք լեզուով․ «Քրտերէնըսրտի, թրքերէնը երաժշտութեան, հայերէնը ցաւի ու վշտի լեզու է»։
Պիթլիս կատարած այցին ընթացքին, սակայն, Սարոյեան կը համոզուի, որ Պիթլիսի մէջ մարդիկ արդէն կը խօսին միայն քրտերէն ու թրքերէն։ Իր հայրենի Պիթլիսը ան միշտ պատկերացուցած է իբրեւ երկիր մը, ուր «երեք ազգ համատեղ կ՝ապրի», մինչդեռ Պիթլիս գալով՝ Սարոյեան հայերէն խօսող գէթ մէկ մարդու չի հանդիպիր․․․