Պատմական Արտաշատ մայրաքաղաքի Սիւնակապ պալատի մնացորդներ յայտնաբերուած են

Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Փոքր Վեդի համայնքի վարչական տարածքին մէջ իրականացուող պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած է սիւնակապ կառոյց: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ԿԳՄՄ նախարարութենէն։

ՀՀ ԿԳՄՄ աշխատակիցները այցելած են պեղումներու վայր՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու, սիւներու հիմքերը ուսումնասիրելու, յետագային անոնց պահպանման հնարաւոր միջոցները քննարկելու նպատակով։

Պեղումները կ’իրականացնէ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանը:

Ըստ արշաւախումբի ղեկավար Մ․ Զարդարեանի՝ յայտնաբերուած կառոյցը սիւնակապ է եւ կը հանդիսանայ պատմական Արտաշատ մայրաքաղաքի կառոյցներէն մէկը։ Յայտնաբերուած են 4 սիւնի խարիսխներ, իսկ մնացեալ սիւներու հետքերը դեռ հողի շերտի տակ են: Համաձայն արշաւախումբի ուսումնասիրութիւններուն՝ նշեալ կառոյցը ունի քանի մը մշակութային շերտ, որոնք կը թուագրուին հեթանոսութեան ժամանակաշրջանով՝ ՔԱ 2-1 դդ. եւ ՔԵ 1-2-րդ դդ․, իսկ ամբողջական ուսումնասիրութենէն ետք՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ թանգարանի վերածել՝ ստեղծելով Հայաստանի մէջ նախադէպը չունեցող զբօսաշրջային վայր՝ համայնքին մէջ ենթակառուցուածքներու ստեղծումով։

Այսպիսով, քննարկուած են յուշարձանի պահպանման եւ թանգարանացման՝ օրէնքով սահմանուած հնարաւորութիւնները, եւ իբրեւ վերջնական որոշման ընդունման ժամկէտ՝ սահմանուած է յառաջիկայ երկու շաբաթը։