Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 26-ին, խումբ մը պետական այրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ արուեստասէրներ այցելեցին Կոմիտասի անուան այգի- պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելով հայ երգահանին շիրիմին: Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը։
Կոմիտաս վարդապետի հոգիի խաղաղութեան համար աղօթք հնչեցուց Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
«Կոմիտաս վարդապետը արդէն շուրջ մէկ դար իր հայրենաբոյր եւ սրբազան երգով հատած է ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները` հայկական ինքնութեան արմատներէն սնուող ու արդիւնաւորուող ստեղծագործութեամբ դառնալով զրուցակիցը հայ եւ այլազգի երաժշտասէր իւրաքանչիւր անձի հոգիի ապրումներուն»,- ըսած է Վեհափառը:
Ան ընդգծած է, որ Կոմիտաս Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի հանդէպ իր անսասան հաւատքով մաքրեց ու հայացուց մեր երգը, ստեղծեց այն հոգեւոր պարարտ անդաստանը, ուր հայը յաւիտենապէս կը ճանչնայ իր հոգեւոր «ես»-ը, կ՛առերեսուի դարերու խորքէն հնչող հայրապետներու ու վարդապետներու նուիրական աղօթքին, հայրենաշունչ եւ խրոխտ նախնեաց զգացումներուն, շինականի անկեղծ ու ստեղծագործ հորովելին:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, ՀՀ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան, մշակոյթի գործիչներ եւ այլ մտաւորականներ:
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան օրը թանգարան-հիմնարկին մէջ մեկնարկեց Վարդապետին 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Կոմիտասի թանգարանին մէջ հնչեցուց թանգարանի զանգը` ազդարարելով յոբելեանական ձեռնարկներու մեկնարկը: