Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի երեկոներ

Մեծանուն երգահան Առնօ Բաբաջանեանի մահուան 40-րդ տարելիցը կ’աւարտի 2023 թուականին, որուն կապակցութեամբ տեղի կ’ունենան բազմաթիւ իրադարձութիւններ եւ նախագծեր, որոնցմէ  մէկը «Մի անգամ Երևանում» յիշատակի երեկոն է: «Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ այդ միջոցառումը տեղի կ’ունենան Ռուսաստանի եւ Հայաստանի 20 մեծ քաղաքներու մէջ, որտեղ  ալ կ’ընտրուին երեխաներ եւ ստեղծագործ երիտասարդներ՝ մասնակցելու կալա-համերգին: Միջոցառումը  կը կազմակերպէ Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի հիմնադրամը:

Նոյեմբերի 13-ին, ժամը 19-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան դահլիճի մէջ տեղի կ’ունենայ համերգներէն առաջինը՝ ռուս յայտնի արուեստագէտ Սերգեյ Կռիլովի, ինչպէս նաեւ հայաստանցի  երիտասարդ տաղանդներու մասնակցութեամբ, որոնց երգացանկում ընդգրկուած են Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները: