Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ‚ ձայնագրած է Կոմիտասի բնօրինակ երկու նուագախմբային ստեղծագործութիւնները` «Յիշողութիւն» լարային նուագախումբին եւ «Անտառի գիշերը» սիմֆոնիկ նուագախումբին համար:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ձայնագրութիւնները կատարուած են Հանրային ձայնասփիւռի կայանի ձայնագրման տաղաւարին մէջ: Նշուած ստեղծագործութիւնները պիտի պահուին Հանրային ձայնասփիւռի ոսկէ ֆոնտին մէջ:
Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի այս նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանին:
Ի դէպ‚ Կոմիտասի` նուագախումբի համար գրուած բնօրինակ ստեղծագործութիւնները հանրութեանն առաջին անգամ ներկայացուցած է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ այս տարուան Դեկտեմբեր 1-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ` Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին: