Տուպայի մէջ կայացած DIAFA միջազգային մրցանակաբաշխութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Երգչուհին, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Միջին Արեւելքի հեղինակաւոր DIAFA մրցանակը կը յանձնուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ տարբեր ոլորտներու մէջ ձեռքբերումներու հասած մասնագէտներու՝ սկսեալ բժշկութենէն մինչեւ շարժանկարի արուեստ, մարմնակրթութենէն մինչեւ երաժշտութիւն:
«Առաջին անգամ Հայաստանը կը մասնակցի այս մրցանակաբաշխութեան, եւ ես երջանիկ եմ, որ առաջինն եմ, որ կ՝արժանանամ այս մրցանակին»,- պարգեւը ստանալու ժամանակ ըսած է Սիրուշոն:
Երգչուհին ներկաներուն հարցուցած է, եթէ դէմ չեն, որ ինքը փորձէ հայկական ժողովդրական երգ սորվեցնել հանդիսատեսին: Հաղորդավարները սատարած են Սիրուշոյին եւ ան կատարած է «Զի՞նչ ու զի՞նչ տամ լողուորչուն» հայկական ժողովրդական երգը, իսկ դահլիճը ձայնակցած է անոր:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ եղած են դեսպաններ, միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, համաշխարհային աստղեր: DIAFA-ն ուղիղ եթերով հեռարձակած է 6 հեռուտաալիք: