Սպանիոյ առաջին ալիքով տեղի պիտի ունենայ հայկական պատմական «Ուրարտու. Մոռցուած Թագաւորութիւն» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը

Սպանիոյ RTVE առաջին ալիքով տեղի պիտի ունենայ հայկական պատմական «Ուրարտու. Մոռցուած Թագաւորութիւն» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը. այս մասին «Ինֆոթեքա 24»-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ֆիլմի արտադրող, HAYASA մշակութային-կրթական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Տիգրան Մանասեան:

Բեմադրիչ Վահէ Վարդանեանի ֆիլմը կը պատմէ աշխարհի հնագոյն պետութիւններէն մէկուն` Ուրարտուի մասին. ան Աստուածաշունչին մէջ կը յիշատակուի որպէս Արարատի երկիր:

Դիտարկումին, թէ ֆիլմը երբ պիտի ցուցադրուի Արցախի, Հայաստանի կամ Ռուսիոյ մէջ, Մանասեան պատասխանած է, որ երեւանեան ցուցադրութիւնը նախատեսուած է Երեւանի օրը կինոթատրոններէն մէկուն մէջ: Բայց «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած իրավիճակը հնարաւոր է` փոխէ ծրագիրները, իսկ անդրանիկ ցուցադրութիւնը կրնայ տեղի ունենալ երկրին մէջ զանգուածային ձեռնարկներու արգելքը հանելէն ետք:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ ֆիլմը ստեղծողները կ’աշխատին այնպէս ընել, որ ան ցուցադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Մասնաւորապէս, բանակցութիւններ կ’ընթանան Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ ֆիլմը ցուցադրելու համար:

Ֆիլմը նկարահանուած է 4 երկիրներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ (Արեւմտեան Հայաստանի) մէջ: