Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «Մոխրիկը» մանկական ներկայացման առաջնախաղը

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի «Արթ սթուտիա»-ի «Бродячая собака» թատերախումբի «Մոխրիկը» մանկական ներկայացման առաջնախաղը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խումբի ղեկավար Ժաննա Գրիգորովան, խօսելով ներկայացման ընտրութեան մասին, նշած է, որ «Մոխրիկը» աւելի ծանօթ է երեխաներուն, ատոր համար ալ ընտրած են այդ հեքիաթը:

«Հեքիաթը ներկայացուցած ենք այլ տարբերակով, քանի որ այնտեղ կը պատմուի սիրոյ մասին, իսկ մանուկներուն առայժմ անհասկնալի է այդ զգացումը: Մենք ատոր համար ալ սենարին մէջ փոփոխութիւն մտցուցած ենք, որպէսզի փոքրիկներուն աւելի հասու ըլլայ»,- ըսած է Ժ. Գրիգորովան:

Խօսելով թատերախումբին մասին` ան նշած է. ««Бродячая собака» թատերախումբը ստեղծուած է 2013 թուականի Փետրուարին, եւ ունի տասը մասնակից։ Իսկ 2017 թուականի Սեպտեմբերէն ստեղծուած է թատրոնի մանկական խումբը. այստեղ ընդգրկուած է 15 անդամ»:

Ժ. Գրիգորովան աւելցուցած է նաեւ, որ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը իրենց համար ստեղծած է պայմաններ, ուր իրենք կ՝իրականացնեն իրենց փորձերը:

Ներկայացումէն ետք՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեան ըսած է, որ նախարարութիւնը կ՝ընէ ամէն ինչ` Արցախի մէջ խթանելու եւ զարգացնելու համար թատերական արուեստը:

«Փոքրիկները պէտք է մանկութենէն հաղորդակցուին բարձրարժէք արուեստի ձեւերուն, որպեզի անոնց մէջ սէր առաջանայ դէպի մշակոյթը»,- նշած է Ս. Շահուերդեան: