Վահան Թէքէեանին` Միսաք Մանուշեան

 

 

 

1934-ին Փարիզի «Անահիտ» հանդէսին մէջ խմբագիր՝ Արշակ Չոպանհեանի կողմէ կը տպագրուի Միսաք Մանուշեանի սոյն բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Վահան Թէքէեանի գրական գործունէութեան 40-ամեակին: Բանաստեղծութենէն կարելի է զգալ, որ Թէքէեան ազդեցութիւն ունեցած է Միսաք Մանուշեանի վրայ՝ փորձելով վերլուծել թէքէեանական բանաստեղծական աշխարհըՄանուշեանը Թէքէեանը կ’անուանէ «անլուծելի առեղծուած»

Մ.Գ.

 

 

 

 

 

 

Վահան Թէքէեանին

Միսաք Մանուշեան

(Իր քառասնամեայ յոբելեանին առթիւ)

Համեստ, խոնարհ, մերթ երկչոտ  անձերու պէս կը քալեն

Ամբոխին մէջ մտածման, բառերն իղձիդ ետեւէն.

Կը հետեւիմ ես անոնց, հետաքրքիր, ակնդէտ,

Ու կը գտնեմ միտքս յանկարծ մտքիդ սեմին լուսաւէտ…:

Երբ որ կ’ըղձամ ես լսել սրտիդ լարերն այլազան,

Պատկերներով պարզ ու հեզ կը բացատրես, մեղմաձայն,

Մտքին, կեանքին յարաճուն ինչուները ծարաւի…

Ու Սոկրատի մաքրափայլ հոգին քու մէջ կ’երեւի:

Մերթ խանդավառ, մերթ երկմիտ զարմանքներով պաշարուած՝

Ինձ կը թուիս դուն յաճախ անլուծելի առեղծուած,

Բայց երբ զքեզ կը պեղեմ, դուն միշտ մանկան մ’ես նման.

Որ Աստուծոյ մ’է յանձներ իմաստն իր մարդ գոյութեան…

Դու խորիմաց մարգարէ՝ փորձառութեամբ ներդաշնակ՝

Կը կարեկցիս մարդերու երազանքին անպարփակ,

Երբ Անհունին տիրանալ կը յաւակնի յաւիտեան,

Բայց անգիտակ դուն քեզի, կը դիմես այդ խենդութեան:

Տարիներուն անողոք ձեռներն ի՛նչ փոյթ թէ գրկեն.

Ձմեռներու դարպասին տանին մարմինդ յամրօրէն.

Դարու ժլատ, հեստ ոգին գլխիդ դըռեր է դափնին

Ու կը յանձնէ վաստակներդ անմահութեան տաճարին…: