Վերականգնուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի «Կոստանդնուպոլսի Շները» կտաւը

Շաբաթ՝ 28 Փետրուար 2020-ին, ընթացք առին մեծանուն նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի 140-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ համախմբում Սարեանի արձանին մօտ, այնուհետեւ՝ այցելութիւն Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն՝ նկարիչին շիրիմը, իսկ Աւետիք Իսահակեանի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած «Յուշեր Մարտիրոս Սարեանի Մասին» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ Panorama.am-ը։

29 Փետրուարին՝ նկարիչին ծննդեան օրը տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։

Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը՝ Ռուզան Սարեանի տեղեկութիւններով՝ հիմնովին վերանորոգուած է մեծ վարպետին 1910-ին նկարած «Կոստանդնուպոլսի Շները» կտաւը, որ պիտի ներկայացուի արուեստասէր հասարակութեան։

Անոր տեղեկութիւններով՝ կարեւոր հարց է մշակութային արժէքները պահպանել եւ բարւոք վիճակի մէջ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: «Սարեանը մեծ մտահոգութիւն ունէր այդ նկարի հետ կապուած: Դեռ իր կենդանութեան օրօք անիկա վնասուած էր: Փորձած է վրան աշխատիլ, կարգի բերել, բայց, ի հարկէ, պէտք էր մասնագիտական աշխատանք, որ կատարուեցաւ»,- ըսած էտուն-թանգարանի տնօրէնը:

Ռ. Սարեան նաեւ նշած է, որ 20 Մարտին պիտի ներկայացուին Մարտիրոս Սարեանի՝ «Ալմաստ» օփերային համար եղած ուրուագիծերը (էսքիզները)։ «Տարիներ շարունակ կը խօսէինք, որ օփերան բեմ բարձրանայ սարեանական ձեւաւորումով, եւ, կարծես թէ, միւս տարի, երբ պիտի տօնենք Սպենդիարեանի 150-ամեակը, արդէն կ՝ունենանք «Ալմաստ»ը բեմի վրայ նաեւ Սարեանի՝ վերականգնուած ձեւաւորումով»,- ընդգծած է ան: