Մարտ 18-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ (ԵՊՀ) տեղի ունեցաւ «Համշէնը հայկական ձեռագրերում» մենագրութեան շնորհանդէսը: Գիրքին հեղինակն է ԵՊՀ թրքագիտութեան ամպիոնի դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի ղեկավար Լուսինէ Սահակեանը:
Մենագրութեան մէջ (363 էջ, 120 էջ գունաւոր ներդիր, Համշէնի գաւառի 15-17-րդ դարերու քարտէզ) առաջին անգամ ի մի բերուած են 15-17-րդ դարերու Համշէնի մէջ ընդօրինակուած 20 ձեռագիր մատեաններ, որոնք կը պահուին Մաշտոցի անուան մատենադարանին, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան, Երուսաղէմի հայոց պատրարքարանի ձեռագրատուներուն, Լոնտոնի Բրիտականական թանգարանի եւ Ֆիլատելֆիայի «Ազատ» գրադարաններուն մէջ:
Հեղինակը պատմաբանասիրական քննութեան ենթարկած է ձեռագիրներուն մէջ համշէնցի գրիչներու ձգած յիշատակարանները, ուր կը ներկայացուին հայոց Համշէն գաւառի պատմութեան, իշխանութեան, ժողովրդագրութեան, տեղանուններու եւ անձնանուններու, ժողովրդական հաւատալիքներու, լեզուավիճակի, բնակչութեան զբաղմունքի վերաբերեալ:
Այդ մատեանները կը հաստատեն, որ Համշէնը եղած հայոց հոգեւոր թեմերէն մէկը եւ կարեւոր սրբատեղի, ուր ամփոփուած են Սուրբ Վարդանանց աճիւնները, պահուած Քրիստոսի վարշամակը եւ Սուրբ Նշանները:
Մենագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Համշէնը եղած է հայ գրչութեան ուրոյն կեդրոն, ուր ստեղծուած մանրանկարներով եւ զարդանախշերով ծաղկուած բարձրարժէք ձեռագիրները հայոց մշակութային գանձարանի անգնահատելի գոհարներէն են:
Ուսումնասիրութեան մէջ առաջին անգամ համեմատական քննութեան կ՛ենթարկուին նաեւ Պոլսոյ վարչապետական գլխաւոր արխիւին մէջ պահուող Համշէնի` 15-17-րդ դարերու օսմանեան աշխարհագիր մատեանները:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են ձեռագիրներու համապատասխան էջերէն գունաւոր լուսապատճէններ եւ Համշէնի բնաշխարհէն նկարներ։ Առաջին անգամ կը ներկայացուի նաեւ Համշէն գաւառի` 15-17-րդ դարերու մանրամասն քարտէսը, որ կազմուած է Սահակեանի տեղագրական ճշտումներու հիման վրայ:
Շնորհանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ համերգ, երբ հնչեցին Համշէնի երգեր ու պարեր` արտերկրէն ժամանած համշէնցի յայտնի երգիչներու եւ հայաստանցի արուետի գործիչներու կատարումով: