ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿ ԱՄԷՆՈՒՍ ՄԵՂԵԴԻՆ

Ի՞նչ մտաբերեցիք երբ կարդացիք Տիգրան Մանսուրեանին անունը…

Ձեր հին օրերու երգը եւ մանկութեան թանկօ՞ն, թէ՞ կտոր մը երկինքէն երեւցող աշնան ձեր արեւը՞…

Ո՞ր մէկուս կեանքին խոհուն, յուզուած եւ իրո՛ք խռոված մէկ պահուն չէ հասած Մանսուրեանին երաժշտութիւնը…

Լիարժէք համոզումով գրեցի՝ հասած, որովհետեւ սպասուած բանն է, որ կրնայ հասնիլ փրկելու… Ինչպէս լոյսը, որ խաւարը պատռելու կը հասնի, եւ յոյսը, որ կը հասնի ցաւ մը ամոքելու…

Բախտաւոր ենք, Հայերս, մեր ե՛ւ դասական ե՛ւ այսօրուան՝ ժամանակակից երաժշտահաններով. անոնց մէջ ունինք համաշխարհային բարձունքը նուաճած գագաթներ, բայց ցաւօք, պարտադիր չէ՛ որ անոնց երաժշտութիւնը  անպայմանօրէն հասու ըլլայ մեզի՝ մեր «բոլորին»…

Ունինք երաժշտահաններ, օրինակ, որոնք իրենց լո՛կ երգերով ուղղակիօրէն բազմած են ամբողջ հայութեան մտքին ու հոգւոյն մէջ…

Ի՛նչ խօսք, «ամէնունն» է երգը, երբ հանճարեղ է. հանճարեղ է ո՛չ միայն իր խօսքով, այլե՛ւ երաժշտութեամբ։ Ոչինչ աւելի ազդեցիկ կրնայ ըլլալ քան անկեղծ խօսքով գրուած ջե՜րմ մեղեդի մը…

Բայց…

Առա՛նց խօսքերու, առանց մէ՛կ բառի, միայն եւ միայն երաժշտութեամբ, հասնիլ    «ամէնո՞ւն», բանալ մտքի եւ  սրտի դռները ու բազմիլ հոն…

Ուրի՛շ բարձունք մըն է ասիկա…

Աննուաճելին՝ բոլոր բարձունքներէն, բոլոր հանճարներէն՝ անգերազանցելին…

Հո՛ն՝ այդ բարձունքին, համարեա՛ մինակ բազմած է Մանսուրեան. իմ, քու, անոր, մեր, ձեր եւ անոնց, ամէնո՛ւս մեղեդին՝ սիրոյ…

Ձեր կարծիքով, ի՞նչն է Մանսուրեանին երաժշտութեան գաղտնիքը…

Յաճախ կրկնուող այս հարցումին ի՞նչ պատասխան տուած կրնայ ըլլալ մե՜ծ երաժիշտը…

«Ես շատ մտածած եմ այդ մասին»,-  կ’ըսէ Մանսուրեան։

Եթէ երանելի՜ այդ առիթը ունենայի, այս հարցումը անձա՛մբ ուղղելու մեծ երաժիշտին, հաւատացէ՛ք, պիտի բաւարարուէի ես այս նախաբանով՝ համեստագոյն…

Այսօր, երբ կամայ թէ ակամայ մեզի ամէնուրէք շրջապատող թելադրուած, չափուած ու ձեւաւորուած, սարքուած, անդէմ, դատարկ ու անհոգի  «ստեղծագործութիւններ ստեղծագործողներուն» նման հարցումներ կ’ուղղուին, զարմանալիօրէն չեն գիտնար ո՞ւր պէտք է, փուչիկի պէս,  թռչին իրենց անտեղի ու անիմաստ «հպարտութենէն»,  խնդրե՜մ, ահա՛ հանճարե՜՜ղ այս երաժիշտին եւ իսկակա՛ն մարդուն հոգիին ամենապա՜րզ խորքերը բիւրեղաբար թափանցող անկեղծ խօսքերը…

Ան ո՛չ միայն հպարտ չէ՛, այլ՝ ժամանակ յատկացնելով մտածած է նոյնիսկ զի՛նք  զարմացնող, բոլորը դիւթող այս  երաժշտութեան «անյայտ» գաղտնիքին մասին…

Կը վրդովի՜՜մ, բայց միանգամայն՝ կը գիտակցիմ…

Միթէ՞ հոգեւոր այս պարզութեան ու անկեղծութեան մէջ չէ՛ ամբողջ հմայքը՝ թաքուն…

Այս պարզութեամբ չէ՞ որ Մանսուրեանին երաժշտութիւնը ամենահաս է ու իր թախիծով՝ լուսաւոր…

Այդպէս է։

Խորթ է Մանսուրեանին համար  երաժշտական նորագոյն արտայայտչամիջոցներու ինքնանպատակ կիրառումը. ան խուսափած է  արտաքնապէս գրաւող, աչք ու ականջ շլացնող մանրամասնութիւններէն եւ  աւելորդ շռայլութիւններէն, մի՛շտ ունկնդիրին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով ամենախորին իրականութեան՝ հոգեւորին…

Միթէ՞ Մանսուրեանին երաժշտութիւնը նման չէ անոր խորաթափանց ժպիտին՝ ջինջ ու բարի…

Այդպէս է…..

Ցաւօք, մեզի առաւել եւս, չըսելու համար՝ միայն, իր հայկական շարժապատկերներուն համար գրած երաժշտութեամբ ծանօթ եւ սիրուած երաժիշտը, իսկութեան մէջ, աշխարհի չո՜րս կողմերը կատարուող դասական անթի՜ւ գործերու հեղինակ՝ համաշխարհային դէմք է։

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած  Մանսուրեանին «Ռէքուիէմ»-ը, օրինակ, անցած տարուան Յունուարին արժանացած է Classical Music Award՝ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային մրցոյթի «Ժամանակակից Երաժշտութիւն» անուանակարգի գլխաւոր մրցանակին։

Անցեալ տարի, նոյն «Ռէքուիէմ»- ը նաեւ միջազգային “Grammy” երաժշտական մրցանակաբաշխութեան երկու՝ «Լաւագոյն Երգչախմբային Ներկայացում» եւ «Լաւագոյն Ժամանակակից Դասական Ստեղծագործութիւն» անուանակարգերու թեկնածու էր։

Գործիքային եւ նուագախմբային երաժշտութեան հարո՜ւստ արխիւ մը ունի Մանսուրեան. «Փարթիթա», պալեթ՝ «Ձիւնէ Թագուհին», դաշնամուրի, ջութակի, ալթի, թաւջութակի համար գրուած  փրելիւտներ, սօնաթներ, լարային քառեակներ, քոնցերթներ…

Հայ միջնադարեան երաժշտութենէն մինչեւ Նոր Վիեննական Դպրոց,  Կոմիտասէն մինչեւ Տէպիւսի եւ Պուլէզ երկարող՝ Մանսուրեանին երաժշտական ակունքները յստակօրէն ակնյայտ են արդիական շունչով գրուած իր բոլոր գործերուն մէջ. անոնց մէջ կատարելագործուած  գեղարուեստականութեամբ միահիւսուած են ազգային վառ աւանդոյթներն ու ժամանակակից գրելաոճին էական լաւագոյն յատկանիշները…

Առա՛նց բառերու եւ միայն երաժշտութեամբ բոլորին հասնելու, քիչ առաջուան յիշածս Մանսուրեանը բնորոշող յատկութեան դիմաց, առանձնապէս պիտի ընդգծեմ անոր «բառերով գրուած»  գործերը՝ մեներգերն ու խմբերգերը…

«Ես հայոց լեզուի երաժիշտն եմ»,- կ’ըսէ Մանսուրեան…

Առաջինն է թերեւս ան, հայ երաժիշտներէն, որ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ  դիմած է հայկական միջնադարեան  բանաստեղծութեան. «Տետր Ողբագին Տաղերգութեան»՝ ըստ Խ. Կեչառեցիի, «Չորս Հայրեններ»՝ ըստ Նահապետ Քուչակի, «Հաւատով Խոստովանիմ»՝ ըստ Ն. Շնորհալիի…

Եւ ո՛չ միայն միջնադարեան բանաստեղծութեան…

Ահա՛, հայ բանաստեղծութեան խոշորագոյն դէմքերու գործերով գրուած Մանսուրեանին  ստեղծագործութիւններէն՝

«Արուեստ Քերթութեան»՝ Եղիշէ Չարենցի խօսքերով, «Մայրամուտի երգեր»՝ Համօ Սահեանի խօսքերով, «Երկիր Նայիրի»՝ Վահան Տէրեանի խօսքերով, «Գարնան Երգեր»՝ Թումանեանի խօսքերով եւ այլ գործեր՝ Աւետիք Իսահակեանի, Կոստան Զարեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Ալիսիա Կիրակոսեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի խօսքերով։

Թող երկարի՜ դեռ աս շարքը,  սիրելի՜՜ Մաէսթրօ…

Շարունակեցէ՛ք ստեղծագործել…

Զուլա՜լ Ձեր երաժշտութեամբ…

Պատռեցէ՜ք մեր այսօրուան «լուսաւորեալ» աշխարհին  խաւարը՝ թաւ…

Հասէ՜ք մեզի…

Գրկեցէ՜ք մեր սիրտերը՝ ճմլուած…

Մեր վէրքերը՝ չկապուած…

Մեր ճիչերը՝ լռած…

Մեր պարոյկները՝ չդրուած…

Ստեղծագործեցէ՜ք Դուք

Թերեւս Ձեր հրաշագեղ երաժշտութեամբ կարելի կ’ըլլայ ստեղծել ԿՏՈՐ ՄԸ՝ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԻ ԱՇԽԱՐՀ…

 

                                   Սեւան Սեմէրճեան