Տիգրան Մանսուրեան «Անյայտ Փարաջանովը» ֆիլմին երաժշտութիւնը գրելը յանձն առած է

Աշխատանքներ կը տարուին Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ֆիլմի հիմնական կարգաւորումէն դուրս մնացած պատկերներով եւ շարժանկարին վերաբերող այլ նիւթերով ֆիլմ նկարահանելու ուղղութեամբ՝ «Անյայտ Փարաջանովը», որուն երաժշտութիւնը կրկին յանձն առած է գրել երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան։ Այս մասին Panorama.am-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի  Ազգային Շարժանկարի կեդրոնէն։

2018 թուականի Օգոստոսին հայ շարժանկարի ժառանգութեան օգտագործման իրաւունքները՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան որոշումով, անցած են Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնին։ Եւ այդ պահէն ալ սկսած է ֆիլմերու վերկանգնման եւ թուայնացման կարեւոր գործընթացը։

Լեհական FIXAFILM ընկերութեան կողմէն առաջինը վերականգնուած եւ թուայնացուած է Սերգէյ Փարաջանովի «Յակոբ Հովնաթանեան» (1967 թ․, 10 վայրկեան) վաւերագրական շարժանկարը։ Գրեթէ միաժամանակ, FIXAFILM ընկերութեան հետ սկսած է «Նռան գոյնը» ֆիլմի հիմնական կարգաւորումէն դուրս մնացած բաժիններու վերականգնման եւ թուայնացման աշխատանքները։ 103 տուփ ոչնչացումէ փրկուած (հրահանգ եղած էր այրել մնացած ժապաւէնները) ժապաւէնէն սկիզբը վերականգնուած է հատուածներու 1/3-ը։

Յիշեցնենք, որ Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» նշանաւոր ֆիլմը թողարկուած է 1968 թ. եւ նուիրուած է Սայաթ Նովային։ Գրաքննութեան ճնշման տակ Փարաջանովը ստիպուած էր լրիւ վերակարգաւորել եւ փոխել ֆիլմին անունը։ Տարբերակը, որ հրապարակած է պաստառին, Սերգէյ Իւտկեւիչի կատարած եւս այլ վերակարգաւորման մը արդիւնքն է։

Ֆիլմը նկարահանուած է Լոռի մարզի Սանահինի եւ Հաղպատի նշանաւոր վանքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արդուի գիւղի մօտակայքը Սրբանէսի (Սուրբ Յովհաննէսի կամ Յովհան Օձնեցիի) վանքին մէջ (8-17-րդ դդ)։