Տիգրան Մանսուրեան առաջադրուած է «Կրեմի»-ի երաժշտական մրցանակին

Մեծանուն հայ երգահան Տիգրան Մանսուրեան միաժամանակ երկու անուանակարգերու մէջ առաջադրուած է «Կրեմի» երաժշտական մրցանակին: Այս մասին կը յայտնէ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքը:

Մանսուրեանի հեղինակած «Ռեքվիեմ»-ը ներկայացուած է «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն:

«Կրեմի»-ին առաջադրուած է նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի արտադրող Մանֆրետ Այխըրը` որպէս «Տարուան արտադրող դասական ոճի մէջ»:

«Կրեմի»-ի 60-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 28-ին, Նիւ Եորքի մէջ: