ՔԻԵՒԻ ՄԷՋ 30 ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՆՈՐ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ

Քիեւի մէջ լոյս տեսած է «Ուքրանիա-Հայաստան. Պատմութիւն, Մշակոյթ, Թուրիզմ» գիտական ժողովածուն, որ ընդգրկած է 30 ուքրանացի գիտնականներու աշխատութիւններ: Այս մասին կը տեղեկանանքArmenpress.am-էն։

Գիտական հաւաքածոյին մէջ ներառուած են «Ուքրանիա-Հայաստան․ Պատմութիւն, Մշակոյթ, Զբօսաշրջութիւն» միջազգային գիտական համաժողովի նիւթերը, որ նախաձեռնուած էր Քիեւի Տարաս Շեւչենքոյի անուան ազգային համալսարանի, Ուքրանիոյ հայերու միութեան, Ուքրանիոյ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ուքրանիոյ սփիւռքի հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ: