Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսաւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թաներ Աքչամի գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը

Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած է ԱՄՆ Մասաչուսէթց նահանգի Քլարք համալսարանի դասախօս, փրոֆէսըր Թաներ Աքչամի՝ «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագրերը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը։

Այդ առիթով, ըստ Ermenihaber.am-ի, պատմաբանը հարցարզոյց տուած է ֆրանսական «La monde» պարբերականին։

Անոր խօսքով, յաճախ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողները կը պնդեն, թէ 1915-ին տեղի ունեցածը ապացուցող փաստաթուղթեր չկան։

«Սպանութեան հրամանները ի չիք կը դարձնեն բոլոր այդ պնդումները։ Գիրքը կը  պատմէ հայերը սպաննելու ուղիղ հրամաններու եղելութեան մասին։ Թուրքիոյ մէջ ժխտողականութիւնը խոր արմատներ ունի, անգամ պետական համակարգի մէջ։ Այս առումով այդ ժխտողականութիւնը կրնանք համեմատել Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան նախկին վարչաձեւի խտրական գաղափարախօսութեան հետ։ Ժխտողականութիւնը հնարաւոր է միայն յաղթահարել քաղաքականապէս։ Այդ ամէնը պէտք է դիտարկել այն մեծ պայքարի ծիրին մէջ, որուն նպատակն է Թուրքիոյ մէջ հաստատել ժողովրդավարութիւն։ Միայն իշխանափոխութիւնը կրնայ փոխել Թուրքիոյ պաշտօնական հռետորաբանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով։ Իմ եզրակացութիւնները պիտի օգնեն անոնց, որոնք կը պայքարին, որ Թուրքիոյ մէջ հաստատուի ժողովրդավարութիւն»,- ըսած է Աքչամ։

Մեկնաբանելով ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի երկու պալատներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունած որոշումը՝ Աքչամ ընդգծած է.

«Ատիկա պատմական որոշում էր։ Անիկա խորհրդանշեց, հին դարաշրջանի աւարտի եւ նոր դարաշրջանի մեկնարկի մասին։ Այստեղ ես կը տեսնեն ոչ միայն հայ, այլ նաեւ թուրք ժողովուրդի բարոյական յաղթանակը»։