Հայաստանի պալէի պարող Վահագն Մարգարեան վերջերս մասնակցեցաւ Պալթեան երկիրներու պալէի միջազգային չորրորդ մրցումին ու տիրացաւ ախոյենութեան:

Միջազգային մրցումը կայացաւ 18-22 Յունիսին, Լաթւիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ: Մասնակիցներու կարգին էին Ռուսաստանէն, Ամերիկայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Ուքրանիայէն, Սպանիայէն, Պրազիլէն, Ճաբոնէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէն:

Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» պալէի եւ Օփէրայի թատրոնի մենակատարներէն Վահագն Մարգարեան արժանացաւ մրցաշարքի Կրան-փրի մրցանակին:

22ամեայ պալէի պարողը հրաւիրուած է նաեւ մասնակցելու 2019ին Ամերիկայի մէջ կազմակերպելի «Վալէնթինա Քոզլովա» անունով միջազգային մրցումին:

«Մարմարա»