70-ամեայ Արարատ քոնեակը վաճառուած է 80 հազար սթերլինով

70-ամեայ հայկական Արարատ քոնեակը Լոնտոնի Սաթըպիս աճուրդին վաճառուած է 80 հազար Սթերլինով (աւելի քան 120 հազար տոլար), կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

Յատուկ աճուրդի առիթը Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլի մահուան 50-ամեակն էր:

Աճուրդը կազմակերպուած էր Մոնաքոյի արքայազն Ալպերի հովանաւորութեամբ: Աճուրդի կազմակերպման աջակցած էին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Մոնաքոյի դեսպան Էվելին Զենթան, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան, ՀՀ նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեան եւ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Ալ Ուալիտը:

Աճուրդի հանուած էին Չըրչըլի կեանքի ընթացքին անոր կողմէ սիրուած խմիչքներու, սիկարներու եւ հագուստներու յայտնի վաճառանիշերու ապրանքներ, բազմաթիւ այլ իրեր:

Աճուրդի ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութեան արժանացան քանդակագործ Օսքար Նեմոնի` Չըրչըլի կիսանդրին եւ 70-ամեայ քոնեակ` Երեւանի քոնեակի գործարանի բացառիկ հաւաքածուէն, որ տրամադրած էր Արմէն Սարգսեան:

Աճուրդին հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի ծախսուի մշակութային եւ բարեգործական նպատակներով` աջակցելու կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութեան նուազեցման, պիո-բազմազանութեան պահպանման ու անապատացման դէմ պայքարի արքայազն Ալպերի նախաձեռնութիւններուն: