Հեղինակաւոր BBC-ն ծաւալուն յօդուած հրապարակած է Կոմիտաս վարդապետի մասին։ Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի հրետակոծուած եկեղեցւոյ մէջ թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեանի՝ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը նուագելու հոլովակին։
«BBC Classical Music» պարբերականին մէջ կը նշուի, որ Կոմիտասը դարձած է 1915թ․ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան զոհը։ «Հայերու համար երաժշտութիւնը յիշողութիւն է։ Եւ ամէն անգամ, Ապրիլ 24-ին՝ հայերու բնաջնջման յիշատակի օրը, անոնք ամբողջ աշխարհէն կը հաւաքուին՝ յարգելու հանգուցեալներուն յիշատակը։ Կը հնչեն նաեւ Կոմիտասի երգերը»,- գրած է յօդուածագիրը։
Հեղինակը վստահ է, որ եթէ որեւէ տեղ հարցնեն, թէ ով է Հայաստանի մեծագոյն երգահանը, բոլորը Արամ Խաչատրեանի մասին պիտի խօսին, բայց հայերը Կոմիտասի անունը պիտի յիշատակեն։ «Ինչպէս խոստովանած է անոր ամենայայտնի հայրենակիցներէն մէկը՝ Արամ Խաչատրեանը, ան միայնակ դրած է Հայաստանի դասական երաժշտութեան աւանդոյթներուն հիմքը»,- գրած է ան։