Պատմութեան կեղծարար ռիզվան հուսէյնով վերջերս այցելեց բռնագրաւուած Արցախ եւ Գանձասարի, Դադիվանքի եւ Ամարասի վանական համալիրներուն մէջ տեսանիւթերու շարք մը պատրաստեց: Անոր կողմէ յառաջ կը մղուի ատրպէյճանական քարոզչական հիմնական թէզը, ըստ որուն՝ հայերը իբր թէ աղճատած են այդ վանքերու պատմական տեսքը, հայացուցած եւ վերափոխած են զանոնք: «Այս թէզը, անշուշտ, նոր չէ եւ անիկա կը կրկնուի վերջին չորս տարիներուն եւ անընդհատ կը կրկնուի գրեթէ բոլոր ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ», գրած է Monument Watch-ը՝ աւելցնելով. «Սեպտեմբեր 2024-ին, հուսէյնով իբրեւ թիրախ ընտրեց Արցախի առաւել յայտնի երեք վանքերը` ցուցադրելով «հայերուն պատճառած վնասները»: Փաստօրէն, մենք կը տեսնենք քարոզչական բնոյթ ունեցող թէզի մը տեղայնացումը, տեղադրումը բուն յուշարձանի մը վրայ, ուր իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը դիտուի այս թէզի շրջագիծին մէջ: Պատահական չէ Արցախի երեք առաւել յայտնի եւ հռչակաւոր վանքերու ընտրութիւնը: Ատրպէյճանի թիրախին դիմաց այս վանքերը եւ յատկապէս Գանձասարը եւ Ամարասը յայտնուեցան Սեպտեմբեր 2023-ի պատերազմէն ետք, երբ Արցախ ամբողջութեամբ գրաւուեցաւ եւ վերոյիշեալ ռիզվան հուսէյնով յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս յուշարձաններուն», գրած է Monument Watch-ը: