Վանի մէջ գտնուած է պարսիկի մը հին գերեզմանը։ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ծանուցում ստացած է, որ Վան նահանգի Արտամէտ (Էդրեմիթ) գաւառի Շապանիյէ թաղամասին մէջ գանձ որոնողները անօրինական պեղումներ սկսած են այն վայրին մէջ, ուր 10 ամիս առաջ յայտնաբերուած է պատմական գերեզմանոց։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։
Աղբիւրին համաձայն՝ ոստիկանները դէպքի վայրին մէջ զննում իրականացնելու ընթացքին նկատած են, որ այդ գանձագողերու անմիջապէս տան առջեւ գտնուող տարածքին մէջ անոնք փորած են փապուղի մը եւ անօրինական պեղում կատարած։ Դէպքին առիթով սկսած է հետաքննութիւն։
Այնուհետեւ այդ վայրին մէջ Վանի թանգարանային տնօրինութիւնը սկսած է ուսումնասիրութիւն մը, ըստ որուն այնտեղ յայտնաբերուած է մահմետական գերեզման։ Վանի թանգարանի տնօրէն Էրոլ Ուսլուն՝ յայտնելով, որ պեղումները կը շարունակուին, նշած է, թէ այստեղ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած են պարսիկի մը պատկանած գերեզմանի աւերակներու։ Թուրք գիտնականը, այս գտածոն «բեկումնային» որակելով, նաեւ ակնարկած է, թէ այս յայտնագործութեան շնորհիւ «հնարաւոր պիտի ըլլայ ապացուցել Վանի իսլամական անցեալի»ն մասին։
Այսպիսով՝ թրքական իշխանութիւնները ներկայիս չեն սահմանափակուիր Վանի եւ առհասարակ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական հետքերը ի սպառ վերացնելով, այլ նաեւ նման գտածոներու միջոցով կը փորձեն աշխարհը ձգել մոլորութեան մէջ, թէ իբր Վանը շատոնց ունեցած է իսլամական անցեալ։
Աւարտին յիշենք, թէ ինչպէս միշտ թրքական քարոզչամեքենան այսօր եւս կը շարունակէ հակահայկական գործունէութիւնը, մինչդեռ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները կը ներքաշուին թուրքերու հետ «բարեկամանալու» գործընթացին մէջ։