Թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Արմինէ. Չարաք Լերան Աքսորը» գիրքին

Թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը անդրադարձած է վերջերս Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած Մուրատ Աթաշի «Արմինէ. Չարաք լերան աքսորը» վէպին, որ կ՛առնչուի Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը։

Գիրքին մէջ Աթաշը, հակառակելով թրքական պաշտօնական պատմագրութեան պաշտպանած գիծին, որու համաձայն` թուրքերը մեղաւոր չեն հայերու հետ կատարուածին համար, ցոյց տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան գործին մէջ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններու մեղաւորութիւն:

Գիրքին հեղինակը պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը իր մօտ յառաջացած է դեռ դպրոցական տարիներուն, երբ այս թեմայով ուսումնասիրութիւն մը գրած եւ պատժուած է ուսուցիչին կողմէ:

Մուրատ Աթաշ, յետագային Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով այլալեզու աղբիւրներ ուսումնասիրելէն բացի, հանդիպած եւ թեմայի շուրջ զրուցած է նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած շատ հայերու եւ անոնց ժառանգներու հետ:

Մուրատ Աթաշի «Արմինէ. Չարաք լերան աքսորը» վէպը գլխաւոր հերոսուհի Արմինէի եւ անոր ընտրեալ Ջիւանի սիրոյ պատմութեան միջոցով կը պատմէ ցեղասպանութեան հետեւանքով խեղուած ճակատագիրներու մասին: