«Ժխտման Ճարտարապետները» ֆիլմի արտադրողը Իսրայէլի մէջ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին

Հանրայայտ դերասան, հաղորդավար եւ արտադրող Տին Քէյն  The Jerusalem Post պարբերականին տուած է հարցազրոյց, որու ընթացքին խօսած է հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

Տին Քէյն, որ Մարտ 5-ին Երեւանի մէջ առաջին անգամ ցուցադրուած «Ժխտման ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմի գործադիր համարտադրողն է, այս օրերուն կը գտնուի Իսրայէլ: Ան կը մասնակցի USA Today-ի աստղ, «էմմի»ի կրկնակի մրցանակակիր Լորա Մքքենզիի ճանապարհորդական հեռուստահաղորդման նկարահանումներուն:

Մարտ 14-ին լոյս տեսած եւ պարբերականի առաջին էջին վրայ գովազդուած յօդուածին մէջ Տին Քէյն նշած է, որ թէեւ չի կրնար օտար երկրին թելադրել, թէ ինչ ընել, ան, բայց եւ այնպէս , լիայոյս է, որ բոլոր պետութիւնները պիտի ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, քանի որ անիկա «պատմական փաստ է»:

Ան նաեւ ըսած է. «Ես կը հասկնամ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական նախապայմանները. մենք Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական կապեր ունինք: Պատմութիւն կամ ցեղասպանութիւն ուսումնասիրող իւրաքանչիւր մարդու համար յստակօրէն պարզ է, որ ցեղասպանութիւնը եղած է: Անիկա այսօրուան Թուրքիոյ ժողովուրդը կամ կառավարութիւնը չէ գործած… Բայց ատիկա սարսափելի էր, իր անունով կոչեցէք եղելութիւնը», -ըսած է Քէյն: