Կէս դար առաջ բացումը կատարուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրին

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐԷՆ

50 տարի առաջ` 1967 թուականի Նոյեմբեր 29-ին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրը: Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը կը համարուի գլխաւորը ու ամենատպաւորիչը բազմաթիւ այլ համանման յուշարձաններու շարքին: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը հայ ազգին միաւորող եզակի յուշարձան է:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական էջէն կը տեղեկանանք, որ առաջին անգամ Խորհրդային Հայաստանի մէջ պարտադրուած երկարատեւ լռութենէ ետք՝ պետական մակարդակով ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը ոգեկոչուեցաւ է 1965-ին` Մեծ Եղեռնի 50-ամեայ տարելիցին:

Ոգեկոչման ձեռնարկներու եւ յուշահամալիրի կառուցման գլխաւոր նախաձեռնողներէն էր ՀԿԿ Կենտկոմի առաջին քարտուղար Եաքով Զարոբեանը (1908-1980): Դառնալով ՀԿԿ Կենտկոմի առաջին քարտուղար (1960թ.)` հայրենասէր պետական գործիչը, ոչ միայն տնտեսական բարձր ցուցանիշներ կ՛ապահովէ, այլեւ կուսակցական գաղափարաքաղաքական շղթաները զանց առնելով, կը սկսի իր ժամանակի համար անհնարին թուացող համազգային ծրագիրներու իրագործումը` Սփիւռքի հետ կապերու ամրագրում, Մեծ Եղեռնի 50-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպում, Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրի կառուցում եւ այն:

Դեռ 1964-ին ան հանդիպումներ եւ քննարկումներ ունեցաւ ԽՍՀՄ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` հայատեաց Մ. Սուսլովի, Ա. Գրոմիկոյի, Ն. Պոտգորնու, նաեւ Ն. Խրուշչովի, Լ. Բրեժնեւի հետ` փորձելով անոնցմէ անձամբ ստանալ իր ծրագիրներու իրագործման թոյլտւութիւնը:

1964-ի Դեկտեմբեր 13-ին Եա. Զարոբեանը ԽՄԿԿ Կենտկոմին ուղարկած «1915 թուականին հայերու զանգուածային բնաջնջման 50-ամեակի հետ կապուած ձեռնարկներու մասին» նամակին մէջ կը նշէ, որ հայերու զանգուածային կոտորածը, տեղահանութիւնը «Թուրքիոյ կառավարող յանցախումբին կողմէ լայնածաւալ  ցեղասպանութեան մարդատեաց քաղաքականութեան իրականացնումն էր»:

Գիտակցելով ԽՍՀՄ բարիդրացիական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` Եա. Զարոբեանը կը ձեւափոխէ յուշամալիրի անուանումը, զայն ներկայացնելով Առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ զոհուած հայ նահատակներուն նուիրուած կոթող (այդ կերպով դիւրացնելով Մոսկուայի` յուշահամալիրի կառուցման համար տրուող թոյլտւութիւնը): Մինչդեռ 1965-ի Մարտ 16-ի ՀԽՍՀ Նախարարներու խորհուրդի կարգադրութեան մէջ յուշարձանը կը կոչուի «1915 թուականի եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կոթող»:

1966-ի Փետրուար 5-ին Զարոբեանը ազատուեցաւ ՀԿԿ Կենտկոմի առաջին քարտուղարի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ: Եա. Զարոբեանի կողմէ իրականացուող համահայկական ձեռնարկները մեծապէս խթանած են այլոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացի ծաւալման:

Հիմք ընդունելով 1965-ի Մարտ 16-ի ՀԽՍՀ Նախարարներու խորհուրդի կարգադրութիւնը` թերթերու մէջ հրապարակուեցան Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կոթողի կառուցման հանրապետական մրցոյթի ծրագիրն ու պայմանները: Յուշարձանը պէտք է ոգեկոչէր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշէր հայ ժողովուրդի վերածնունդը, անոր ներկան եւ պայծառ ապագան. սա մրցոյթի գլխաւոր պահանջն էր:

Մրցոյթին ներկայացուած է 78 նախագիծ: 12 հոգիէ բաղկացած հեղինակաւոր յանձնաժողովը (նախագահ` Գ. Աղաբաբեան) ընտրած է «ՀԽՍՀ դրօշ» ծածկապատկերով նախագիծը (ճարտարապետներ` Ա. Թարխանեան, Ս. Քալաշեան): Յուշարձանի շինարարութեան համար յատկացուած է  776.800 ռուբլի, իսկ կապալառու կազմակեպութիւն ընտրուած է «Երքիմշին» թրեսթը (կառավարիչ` Պետրոս Թումանեան, շինարարութեան վարչութեան պետ Արշաւիր Մինասեան, տեղամասի պետ Արտիւշա Օրդուխանեան):

Ճարտարապետներուն կողմէ ընտրուած է  յուշարձանի կառուցման եռատարր յօրինուածքի սկզբունքը, որու համաձայն` դէպի յաւերժութեան կրակը խոնարհուած 12 պազալթէ սրբատաշ մոյթերը, կազմելով կոնաձեւ բաց ծաւալով կառոյց, կը խորհրդանշեն Մեծ Եղեռնի զոհերու դամբարանը: Դէպի երկինք խոյացող յուշասիւնը` հայ ժողովուրդի վերածնունդի խորհրդանիշն է: Կառոյցն կ՛ամբողջացնէ յուշապատը, որու հակառակ կողմը 1996 թուականէն ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրարցուցած հասարակական-քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականներու շիրիմներէն բերուած հողով սափորները: Յուշապատի վրայ 2002-ին փորագրուած են Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ մեծ բնակավայրերու անուանումները:

Ըստ աղբիւրին, շատ հայորդիներ, ցանկալով անմասն չմնալ, հանրապետութեան տարբեր գիւղերէ ու քաղաքներէ հանրակառքերով Շաբաթ, Կիրակի օրերուն կու գային շինարարութեան հրապարակ եւ իրենց անհատոյց օգնութիւնը կ՛առաջարկէին շինարարներուն:

Ի սկզբանէ, յուշարձանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը ծրագրուած էր 1967-ի Ապրիլ 24-ին, սակայն տեղափոխուեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացման օրը` Նոյեմբեր 29-ին: Բացումը, որուն ներկայ էին հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մտաւորականներ, հեռարձակուած է  հանրապետական ձայնասփիւռով եւ հեռատեսիլով:

1968-ի յուշարձանը ներկայացուեցաւ երիտասարդ ճարտարապետներու համամիութենական ամենամեայ ստուգատեսին եւ արժանացաւ առաջին կարգի վկայականի: