«Վերջին Բնակիչը» Սքանտինաւեան երկիրներու փառատօնին ճանչցուած է «Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ»

Ֆինլանտայի Սքանտինաւեան երկիրներու միջազգային փառատօնին (Scandinavian International Film Festival) «Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» անուանակարգին մէջ յաղթած է Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ֆիլմի ֆէյսպուքեան էջը:

Փառատօնի մեկնարկը պիտի ազդարարուի Հոկտեմբեր 25-ին, իսկ «Վերջին բնակիչը» պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբեր 28-ին` որպէս կինոփառատօնի փակման ֆիլմ:

Փառատօնի յաղթող ֆիլմերը ներկայացուած են նաեւ փառատօնի պաշտօնական կայքին մէջ:

«Վերջին բնակիչը» ֆիլմը նկարահանուած է Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» պատմուածքի հիման վրայ: Անիկա ստեղծուած է 2016-ին, միջազգային համագործակցութեան արդիւնքով:  Նկարահանումները տեղի ունեցած են 2015-ին` Արցախի մէջ, բեմադրիչին հայրենի Խաչմաչ գիւղին մէջ: Ֆիլմին մէջ կը խաղան ոչ միայն հայ, այլ նաեւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող դերասաններ Իրանէն, Լիթվանիայէն, Յունաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն: Երաժշտութիւնը աշխարհահռչակ «System of a down» ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանկեանին է:

Ֆիլմի հայկական անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է «Ոսկէ Ծիրան» 13-րդ կինոփառատօնի ծիրէն ներս: Վերջերս ֆիլմը ընդգրկուած է Շանհայի 20-րդ միջազգային կինոփառատօնի «Panorama» ոչ մրցութային ծրագրին մէջ:

Ֆիլմը նախորդ ամիսներուն արդէն ցուցադրուած է Լիբանանի, ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, Իրանի, Ֆինլանտիոյ, Շուէտի, Հոլանտայի մէջ, իսկ շարք մը այլ երկրներու մէջ պիտի ցուցադրուի յառաջիկային: