Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Հայ Տարեցներու Այցելութիւն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հովանիին տակ գործող Այցելութեան Յանձնախումբի  անդամները, գիտակից իրենց առաքելութեան, սիրայօժար եւ խղճամիտ կերպով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը կանոնաւոր այցելութիւններ տալով տարեցներուն եւ առանձին ապրող մեր ոսկեայ տարիք ունեցողներուն։

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով, Հինգշաբթի 17 Յունուար, 2019-ին, թեմիս Փոխառաջնորդ եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի առաջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ բրշ. Նուրհան Սրկ. Իփէքճեանի, Այցելութեան յանձնախումբի անդամուհիները այցելեցին «North York’s Seniors Health Centre»ի մեր հայ տարեցներուն։

Տ. Զարեհ Ա. Քահանան կատարեց Տնօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք տարեցները հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, Տիկնանց միութեան Այցելութեան յանձնախումբի անդամուհիներուն կողմէ սպասարկուեցան պատրաստուած հայկական համադամ ճաշերը։

Յանուն յանձնախումբի, Տիկ. Արշալոյս Գանտահարեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց  Նոր Տարուայ առթիւ եւ տուաւ հակիրճ տեղեկութիւն յանձնախումբի գործունէութեան մասին։

Տիկին Լենա Պէյլէրեան մթնոլորտը խանդավառեց, երգելով հայկական եւ տօնական ուրախ երգեր։

Շնորհաւորելի են յանձնախումբի անդամուհիները, որոնք իրենց ժամանակն ու տաղանդը ի գործ կը դնեն մեր աւագ սերունդին պարգեւելու ուրախ եւ անմոռանալի ժամեր։

Վարձքերնիդ կատար։