Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է Ս. Կոյս Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Այս տօնը Աստուածածնի նուիրուած տօներուն գլխաւորն ու հնագոյնն է։
«Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» տօնը կը յիշատակէ Տիրամօր այս աշխարհէն մեկնիլն ու երկինք վերափոխուիլը։
Շաբաթ, 17 Օգոստոս, 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ նախատօնակը Վերափոխումն Ս. Աստուածածնայ տօնին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի, 18 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց եւ քարոզեց գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյս հովիւի օգնական՝ Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու դպիրները։
Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սոնա Արթինեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղողօրհնէք»ի արարողութիւն, որուն յաջորդեց խորովածի սպասարկութիւնը։
Ներկայ գտնուող հոծ բազմութեան գնահատանքին արժանացան Ծխական Խորհուրդը եւ Տիկնանց միութեան անդամները իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին առթիւ։
Վարձքը կատար բոլորին։