Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Արցախի հայաթափման միամեակին վերաբերեալ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի յատուկ յայտարարութեան, ըսած է. «Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ կը զբաղի փաստերու ձեռնավարութեամբ եւ խեղաթիւրումով»:
Հաճիզատէ խստօրէն դատապարտած է Ժոլիի յայտարարութիւնը եւ զայն կողմնակալութեան յանցանքով մեղադրած է:
«Գանատացի նախարարը երբեք աջակցութիւն կամ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր Ատրպէյճանի նախապէս բռնագրաւուած տարածքներէն շուրջ 1 միլիոն բռնի տեղահանուածներու իրաւունքներուն նկատմամբ, իսկ շրջանին մէջ մարդասիրական ճգնաժամին մասին յայտարարութիւնները միայն կը վկայեն Ատրպէյճանի նկատմամբ Գանատայի բացայայտ կողմնակալութեան մասին», յայտարարած է Հաճիզատէ` աւելցնելով. «Գանատա բարոյական իրաւունք չունի քարոզելու, թէ շրջանին մէջ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կը հաստատեն: Անոր սադրիչ եւ կողմնակալ յայտարարութիւնները ոչինչ են, քան խոչընդոտ շրջանի հետագայ զարգացման եւ յառաջընթացին»: