Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմնի եւ կազմակերպութեամբ «Sara Corning» ցեղասպանութեան դաստիարակչական կեդրոնի, Պրն. Արամ Աճէմեանի (Օթթաուայէն) «The Call From Armenia, Canada’s Response To The Armenian Genocide» գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 21, 2016, կէսօրէ ետք ժամը 2.00-ին Հայ Կեդրոնի Սրահին մէջ, ներկայութեամբ մշակութասէր ու գրասէր ընտանի հասարակութեան մը:
Հանդիսավար Պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեան յանուն կազմակերպիչ մարմնի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Օթթաուայէն յատկապէս հրաւիրուած, ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ճիւղի մէջ մասնագիտացած, գրքի հեղինակ Պրն. Արամ Աճէմեանը, տալով կենսագրական ամփոփ գիծերը:
Պրն. Աճէմեան, յաջորդական ոճով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուով մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ, հրատարակած իր գիրքին մասին, եւ ըսաւ թէ երեք ու կէս տարի տեւեց պրպտումները, որ իբր աւարտական թէզ ներկայացուցած էր, գիրքը հրատարակուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Գանատայի մարմնի կողմէ, մեկենասութեամբ «Բաստրմաճեան» հիմնարկի կողմէ:
Պրն. Աճէմեանի գրախօսական ելոյթը ծափողջոյններով գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Թորոնթոյի մարմնի Ատենապետ պրն. Գրիգոր Շիթիլեան, շնորհակալութիւնները յայտնեց Պրն. Արամ Աճէմեանին, որ ընդառաջելով մեր հրաւէրին ներկայ եղաւ, նաեւ շնորհակալութիւններ յայտնեց «Sara Corning» ցեղասպանութեան դաստիարակչական կեդրոնի, որ կազմակերպեց սոյն ձեռնարկը:
Տեղեկութիւններ տուաւ Մարքամ քաղաքի մէջ, յառաջիկայ գարնան ցեղասպանութեան յիշատակի Պուրակի ծառատնկումի ծրագրին մասին, կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնին սոյն ծրագրի յաջողութեան:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով, ապա հեղինակը գիրքին օրինակներ մակագրեց ներկաներուն, գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի գիրքի ֆրանսերէն լեզուով հրատարակման: