«Արարատ» Ամառնային Երիտասարդական Ճամբար 2019

Թալիա Գալենտէր

10-17 Օգոստոս 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Թեմի տարեկան «Արարատ» ամառնային երիտասարդական ճամբարը:

Այս տարի իւրայատուկ տարի մըն էր «Արարատ» ճամբարի համար, որովհետեւ նշուեցաւ մեր սիրելի «Արարատ» ճամբարի 15-ամեակը: Ոչ միայն 15-ամեակի առիթն էր, այլեւ այս տարուայ ստուարաթիւ մասնակիցներուն թիւը, շուրջ 190 անհատ (ճամբարականներ, պատասխանատուներ եւ անձնակազմի անդամներ) «Արարատ» ճամբարի ընտանիքէն մաս կազմեցին:

«Արարատ» ճամբարի առանձնայատկութիւնն ու իւրօրինակութիւննէ ծրագրուած յայտագիրը: Գանատայի չորս կողմէն՝ Թորոնթոյէն, Մոնթրէալէն, Օթթաուայէն, Լաւալէն, Միսիսոկայէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ Վանքուվըրէն, մէկ շաբթուայ համար հաւաքուած երիտասարդները, եկած էին իրենց ազգային ինքնութիւնը վերահաստատելու, Հայկական մշակոյթի եւ լեզուի հետ առնչուելու ու իրենց հաւատը ամրապնդելու:

Այս տարի թեման էր «Ընտանիքի Տարի» բնաբանը, ինչպէս նաեւ նշուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակը: Մեր առօրեայ ծրագիրը հիմնուած էր այս թեմայի շուրջ: Առաւօտուն, մեր կրտսեր ճամբարականները կը շրջագայէին կրօնական, պատմական եւ մարզական ծրագիրներու հանգրուաններով: Կրօնական գիտելիքներու հայթայթումը ստանցնած էին հոգեւոր հայրեր՝ Համիլթընի Արժ. Տ. Հրանդ քհնյ. Մանուկեանը եւ Լաւալի Արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանը: Ամէն օր, զանազան գործունէութիւններով երեխաները կ’առաջնորդուէին սորվելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ամենակալ Աստուծոյ հետ իրենց հարաբերութիւնը զօրացնելու մասին:

Ճամբարականներու առաւօտեան յայտագրի մէջ կարեւոր տեղ գրաւած էին նաեւ ժառանգութիւնն ու մշակոյթը: Իւրաքանչիւր օր Հայկական արուեստի, պարի, լեզուի եւ թատերգութեան հետ առնչուող գործունէութիւններով, ճամբարականներուն ծրագրուած էր սորվիլ Հայկական մշակոյթի ու ժառանգութեան մասին:

Քանի որ կարգ մը ճամբարականներ Հայերէն չեն խօսիր, մենք հպարտօրէն՝ միայն լեզուի միջոցով չէ, որ իրենց համար հնարաւորութիւն ընձեռնեցինք սորվելու եւ կապ ունենալու իրենց Հայկական ինքնութեան հետ: Այս տարի ճամբարականներ ունեցանք, որ նոյնիսկ անգլերէնը սահուն չէին խօսիր: Իսկականին տպաւորիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս Հայ երիտասարդութիւնը իրար հետ կը հաղորդակցի, կապ եւ բարեկամութիւն կը հաստատէ շրջանցելով լեզուի իմացութեան խոչընդոտը:

Ժառանգութեան եւ արուեստի ու արհեստի մասին այս տարուայ յայտագիրը իւրայատուկ էր: Նիւթը Յովհաննէս Թումանեանն էր: Պարոն Սիմոնեանի կատարած թարգմանութեամբ՝ Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով Ճամբարականները կարդացին Կոմիտաս Վարդապետի ու Թումանեանի ստեղծագործութիւնները: Ապա ճամբարականները գեղեցիկ կատարումներով ներկայացուցին այդ ստեղծագործութիւնները: Վերջապէս, որպէս ձեռային աշխատանք, ճամբարականները Թումանեանի ստեղծագործութեանց անձնաւորութիւնները վերնաշապիկներու վրայ գծեցին եւ ապա իրար վերնաշապիկներու վրայ ստորագրելով, որպէս յիշատակ իրենց հետ տուն տարին:

Ամեն տարի, ճամբարականներուն համար կարևոր է իրենց ստեղծագործութիւնները տուն տանիլը և պահելը, որպէսզի անոնց ոչ միայն իրենց ճամբարային դրական յիշողութիւններու մասին յիշեցնեն, այլ իրենց մշակոյթի տեղեկութիւններու մասին նաեւ:

Երիտասարդներու համար ֆիզիքական վարժութիւնները անհրաժեշտ են ու «Արարատ» ճամբարը նկատի առնելով այս հանգամանքը, ջանք չխնայեց ամէն օր երեխաներուն աշխոյժ պահելու: Ամէն առաւօտ, պատասխանատուները տարբեր մարզաձեւեր ու խաղեր ունէին կիրառելու: Պատանիները Ֆութպոլ ու Պասքեթ խաղցան, ինչպէս նաեւ այլ խմբային ոգի ներշնչող խաղեր:

Մինչ կրտսեր մասնակիցները կ’անցնէին առաւօտեան ծրագրի համար պատրաստուած գործունէութիւններով, անոնց աւագները ունեցան այլ ծրագիր: 14-15 տարեկան ճամբարականները մասնակցեցան՝ կորովի խումբի մը պատրաստած յատուկ ծրագրին, որ կը կոչուի «Արարատ» ճամբարի մարտահրաւէր: Մարտահրաւէրը մրցոյթ մըն է, ուր խումբերու բաժնուած ճամբարականները, օրական մրցումները աւարտելով, շաբթուան վերջը կ’ունենան դաբնեկիր: Ամէն օր, իրենց հասակակիցներուն յաղթելու համար, խումբերը կ’ունենան ֆիզիքական, մշակութային, մտաւոր եւ ակադեմական գործունէութիւններ: Այս տարի, յաւելեալ աշխատանք տարուեցաւ S.T.E.M (գիտութիւն, տեխնոլոգիա, ճարտարագիտութիւն, մաթեմատիկա) գործունէութիւն կիրառելու ի նպաստ մեր երիտասարդութեան մտքերը աւելի պայծառացնելու: Այս տարի Challenge խումբը հրաշալիք մըն էր: Իւրաքանչիւր խումբ զանազան հերոսներէ բաղկացած էր, որոնց անձնաւորութիւնները մասնակիցներուն կողմէն մարմնաւորեցան շաբթուայ ընթացքին: Հրաշալի էր այսպիսի ստեղծագործութեան և ոգևորութեան հոգին զգալ այս տարուայ մրցոյթի գործադրութեան և մասնակցութեան մէջ:

Ճաշէն վերջ, բոլոր ճամբարականները կը շարունակէին ճամբարի ընդհանուր ծրագիրը: Ամէն օր, պատասխանատուները կը խօսէին հայկական զանազան նիւթերու շուրջ: Թեմաները՝ հայկական երաժշտութեան պատմութեան, Հայոց պատմութեան մէջ յայտնի առասպելներու, Հայերու ու Բնիկներու եւ կամաւորութիւնն ու համաշխարհային քաղաքացի ըլլալու մասին էին:

Աւարտին հասաւ նաև «Ընտանեկան Ծառ» գործունէութիւնը, որ ճամբարականներուն ցոյց տուաւ, թէ ուրկէ եկեր են մեր ընտանիքները և թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին անոնք գաղթեր են առ սփիւռք:

Ապա, կը հասնի կէսօրէ ետքի ծրագիրը: Ամէն օր, ճամբարականները կը վայելէին շարք մը գործունէութիւններ, որոնք մեծ մասամբ կապուած են ջուրի հետ, ինչպէս լողափը, մեծ լողաւազանը եւ «Ջուր Աշխարհ»-ը, որ ճամբարականներուն հնարաւորութիւն տուաւ խաղալ եւ զուարճանալ: Ջուրի գործունէութեանց հետ նաեւ, ճամբարականները վայելեցին ձկնորսութիւնը, աղեղնաձգութիւնը եւ մանկական որսորդութիւն:

Որոշ ազատ ժամէ ետք, արդէն ընթրիքի ժամանակն է: Ընթրիքէն վերջ, կը սկսէր մեր երեկոյեան ծրագիրը: Ամէն երեկոյ, պատասխանատուները բոլոր ճամբարականներուն համար՝ այս տարուայ «ընտանիքի տարի» թեմայի հետ առնչուող գործունէութիւններ կը պատրաստէին: Այս տար երեկոյեան ծրագիրէն մաս կազմեցին՝ ընտանեկան «փախուստի սենեակ»-ը, ընտանեկան վէճը, տաղանդաւոր ներկայացումները եւ պարը:

«Արարատ» ճամբարը ունի նաեւ ծրագիր, այն երիտասարդներուն համար, որոնք մեծ են մասնակից ըլլալու եւ փոքր են պատասխանատու ըլլալու: 16-17 տարեկան այս երիտասարդները մաս կը կազմեն 2 տարի տեւողութեամբ պատասխանատուներու պատրաստման ծրագիրին: Անոնք փորձառու աշխատակազմի հետ աշխատելով կը սորվին իրենց համայնքներու մէջ յաջողակ վերակացուներ ըլլալ, ինչպէս եւ «Արարատ» ճամբարի ապագայ պատասխանատուներ: Ծրագիրին առաջնակարգ տեղը գրաւած էր թիմի ստեղծման, համագործակցութեան եւ դերակատարման գործունէութիւնը:

Ամէն տարի, «Արարատ» ճամբարը կ’օրհնուի ամբողջ Գանատայէն բծախնդրօրէն ընտրուած պատասխանատուներու սքանչելի խմբով մը: Իւրաքանչիւր տարի, շարք մը տարեկան հաճախող պատասխանատուներ կը հաւաքուին բոլոր այն անձանց հետ որոնք կը փափաքին գալ ու մաս կազմել «Արարատ» ճամբարի ընտանիքէն: Բոլոր անոնք որոնք կը ցանկանան այս ընտանիքէն մաս կազմել՝ «Արարատ» ճամբարի դռները միշտ ալ բաց են: Առանց այս կորովի խումբին, մեր ճամբարականները անմոռանալի այս փորձառութիւնը ապրելու հնարաւորութիւն չէին ունենար:

Հիմնադրման օրէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ ճամբարի ծրագրի աւարտին, բոլոր ճամբարականները, խորհրդատուները և անձնակազմը ստացան իրենց վկայագրերը:

Մենք հպարտ ենք, որ Գանատայի Հայ երիտասարդութիւնը ունի «Արարատ» ճամբարի նման հնարաւորութիւն: Խորին շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք իւրաքանչիւր տարին, իւրայատուկ կը դարձնեն: