Հովանաւորութեամբ Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ` Գերշ․ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի, Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդը այս տարի եւս կազմակերպեց Հայ Եկեղեցանուէր Տիկնանց Օրը, Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ին, հիւրընկալութեամբ ՝ Համիլթընի Սուրբ Աստուածածին Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ։
55 հոգիներ առաւօտեան ժամը 9։30-ին մեկնեցան դէպի Համիլթըն։
«Արեւագալի» ժամերգութեան ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Արժ․ Տէր Հրանդ Քհնյ․ Մանուկեանը՝ Համիլթընի Սուրբ Աստուածածին Հայց․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժ․ Տէր Միւռոն Քհնյ․ Սարգիսեանը՝ Միսիսոկայի Ս․ Վարդան Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, բարեշնորհ Սրկ․ Ալպէր Ամաթօ եւ դպիրներ։ Մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ներկայ բարեպաշտ հաւատացեալներու ընտանեկան պարագաներու հոգիներուն ի հանգիստ։ Ներկայ էին նաեւ Միսիսոկայէն, Սէն Գաթրինզէն, Թորոնթոյէն եւ Համիլթընէն բարեպաշտ հաւատացեալներ։
Արեւագալի ժամերգութենէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը, ուր տիկինները պատրաստած էին պահքի յատուկ համեղ ճաշեր։ Սրբազան Հայրը նախ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, ապա Տէր Հրանդի բարի գալուստի խօսքերէն վերջ, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Անիթա Օհաննէսեան ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Տիկին Լիտա Ալեքսանեան ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ Տիկին Անի Քերամէթլեան, որուն դասախօսութեան նիւթն էր «Լուսինէ Զաքարեան»ը, ուր ան ներկայացուեցաւ որպէս Հայ Ազգի թանկարժէք զաւակը հայ հոգեւոր երաժշտութեան ծիրէն ներս իր ունեցած կարեւոր դերին միջոցաւ։ Յաջորդաբար, գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք, Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Տիկնանց Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդը, հիւրընկալ եկեղեցին եւ օրուայ բանախօսը, ընդգծելով եւ շեշտելով հայ կնոջ ունեցած դերն ու տեղը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Հօր պահպանիչով վերջ գտաւ այս շատ յաջող միջոցառումը։
Տիանա Պօղոսեան