Արմէն Քիւրքճեանի «խեղաթիւրում եւ ժխտում» նորատիպ գիրքին շնորհանդէսը

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, թորոնթոհայ ծանօթ ազգայիններէն, ազգային-եկեղեցական գիտելիքներու եւ հայոց պատմութեան լայնածաւալ ծանօթութիւն ունեցող, պրն. Արմէն Քիւրքճեանի «խեղաթիւրում եւ ժխտում» նորատիպ հատորին գինեձօնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 19 Հոկտեմբեր 2018ին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ մշակութասէր ու գրասէր հասարակութեան մը:

Հանդիսավարուհի Տիկ. Թալին Այնթապլեան յանուն Նոր Սերունդ մշակութային միութեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ ըսաւ ««-պրն. Ա. Քիւրքճեանի «խեղաթիւրում եւ ժխտում»ը հեղինակած գիրքերու շարքին չորրորդն է, առաջինը ըլլալով «հայոց մեծ հայքի պատմական մայրաքաղաքները» խորագրեալ գիրքը (2004-ին), երկրորդը «Համառօտ Պատմութիւն Հայ Հնատիպ Տպագրութեան» որ հրատարակուած էր հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակի առթիւ, իսկ երրորդ գիրքը «Իսլամաց(ու)ած Հայեր» որ հրատարակուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ (2015-ին»…

Հեղինակը Արմէն Քիւրքճեանը ծնած է Պոլսոյ ասիական ափի արուարձաններէն Քաղկեդոն գիւղաքաղաքը (այժմ Գատըգիւղ) յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան Ունճեան վարժարանը եւ «Նոր Դպրոց» վարժարանը աշակերտելով մեծանուն դաստիարակ, վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն Յովհաննէս Թ. Հինդլեանի: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Վիեննական Մխիթարեաններու Պոլսոյ վարժարանէն ներս: 1960ին ամուսնացած՝ է Սիլվա Դաւիթեանի հետ եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով Արիս եւ Արփի:

1968-ին՝ ընտանեօք գաղթած է Գանատա ու հաստատուած Թորոնթօ: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամ ընտրուած է, ուր ստանձնած է տարբեր պաշտօններ (ատենադպիր, փոխ-ատենապետ եւ ատենապետ): Հայոց պատմութիւն դասաւանդած է Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ԱԽզգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանէն ներս: Գործօն մասնակցութիւնը բերած է Ս. Խաչ Ազգ. Ամենօրեայ Վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն ու շրջան մըն ալ եղած է վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ: Գլխաւորած է գանատական կառավարութեան մօտ հայկական հարցեր հետապնդող՝ Հայ Համաշխարհային Ընկերակցութեան (Armenian World Alliance): Թորոնթոյի մասնաճիւղը:

Հանդիսավարուհին իր խօսքին աւարտին հրաւիրե.-ց գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն հրապարակագիր մեթր Պարգեւ Դաւիթեան ներկայացնելու համար հատորը:

Մեթր Դաւիթեան, շնորհաւորեց հեղինակը իր բծախնդիր տարիներու աշխատանքին եւ պրպտումներուն սոյն հատորի կապակցութեամբ, ան ըսաւ ինծի սահմանուած կարճ ժամանակին մէջ պիտի ջանամ հպանցիկ ակնարկով մը անդրադառնալ հատորի բովանդակութեան, կարդաց հատորէն մէջբերումներ եւ տուաւ լուսաբանութիւններ: Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանի գրախօսական ելոյթը ծափողջոյններով գնահատուեցաւ ներկաներու կողմէ:

Գինեձօնը հայկական սիրուն եւ իմաստալից արարողութիւն մըն է, ուր հեղինակի մը հրատարակած գիրքին օրինակը կօծուի գինիով, գինին կը ներկայացնէ Քրիստոսի արիւնը եւ նաեւ առաջին հրաշագործութիւնը Յիսուսի եւ ապա կատարուեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:

Հեղինակը՝ Արմէն Քիւրքճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ «…հայ Սփիւռքը արդիւնքն է Հայոց Ցեղասպանութեան, որ բովանդակ հայութեան ճակատագրին եւ անոր ժամանակից հաւաքական ինքնութեան վրայ մեծապէս ազդած իրադարձութիւն մըն է:

Այսօր Ցեղասպանութիւնը ապրած սերունդը անհետացած է, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող սերունդին թիւն ալ տակաւ առ տակաւ կը նուազի:

Նոր սերունդին մօտ Ցեղասպանութիւնը այնքան կենդանի, այնքան տպաւորիչ չէ, որքան էր Ցեղասպանութեան կենդանի վկաներուն ու անոնց վկայութիւններով հասակ նետած իմ տարեկիցներուն մօտ:

Աքսորուած հայուն իր հողատարածքի վրայի գոյութեան յիշատակը այժմու Թուրքիոյ մէջ յաճախ կ’ոտնակոխուի եւ ջնջման կ’ենթարկուի: Ուստի նոր սերունդի մօտ պէտք է արմատացուի, կենդանի պատկերի վերածուի Ցեղասպանութիւնը՝ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը:

Վերջին տարիներուն մեր պատմաբաններուն մօտ գնահատելի զարթօնք մը տեղի ունեցած է: Սկսած են պատմութեան էջերուն մէջէն գտնել այն թուրք պետական պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ անհատներու անունները, որոնք ի գին իրենց կեանքին, կամ պաշտօնին, պահած ու ստոյգ մահէ ազատած են իրենց շրջանի աքսորեալները:

Գիրքս մէկ շունչով կարդացուող ժամանցքի գիրք մը չէ, որ առ հասարակ, կարդալէ յետոյ մէկ կողմ կը նետուի: «Խեղաթիւրում եւ Ժխտում»-ը մեր յիշողութիւնը թարմ պահելու միտումով գրի առնուած է: Որով յուսամ, ան երկար ժամանակ ձեր մատներուն ջերմութիւնը կը վայելէ…»:

Պրն. Քիւրքճեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Նոր Սերունդ Մշակ. Միութեան, որ կազմակերպեց սոյն գինեձօնը:

Խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ վարչութեան, կարգադիր յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ տիկնանց յանձնախումբին, որ այս ձեռնարկի հիւրասիրութիւնը պատրաստած է:

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պրն. Եփրեմ Թոքճեանին, որ թէ’ գիրքս, թէ ալ տարին մի քանի անգամ զանազան պատմական նիւթերու շուրջ պատրաստած պրակներս իր տարիներու տպագրական արուեստի հմտութեամբ ու ճաշակով հրատարակութեան կը պատրաստէ:

Շնորհակալութեան խօսք ունիմ բարեկամս, սուր գրչի տէր յօդուածագիր Մեթր Պարգեւ Դաւիթեանին, որ գիրքս ներկայացնելու իմ խնդրանքը սիրով ընդունեց:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով, ապա հեղինակը գիրքէն օրինակներ մակագրեց ներկաներուն:

Հեղինակին փափաքին համաձայն, գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը յատկացուեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան: