Գանատահայոց Թեմի 36-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Շաբաթավերջ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Գանատահայոց թեմի հիմնադրութեան 35 ամեակի (1984-2019) զուգադիպող թեմի Պատգամաւորական 36-րդ ժողովը գումարուեցաւ մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, Մայիս 24-25, 2019ին հիւրընկալութեամբ Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ (Օթթաուա): Նախագահութեամբ թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի: Թեմի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Մայիս 24-ին, նոյն երեկոյեան ժամը 7.30ին սկսաւ պատգամաւորական ժողովի առաջին նիստը, մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականներուն եւ ութը եկեղեցիներու պատգամաւորներու, ներկայ էին նաեւ Առաջնորդի թեկնածուներ Ս. Էջմիածնի միաբաններէն՝ Հոգ. Տ. Ներսեհ վրդ. Խալաթեան եւ Հոգ. Տ. Իսահակ վրդ. Պօղոսեան:

Ժողովի Ատենապետ ընտրուեցաւ Պրն. Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան (Օթթաուայէն) ատենադպիրներ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան (Միսիսոկայէն հայերէն) եւ Տիկ. Հիլտա Թուրշուճուեան-Չաքար (Լաւալէն – անգլերէն), խորհրդարանական նշանակուեցան պրնք. Վազգէն Ալթունեան եւ Շահին Սոհէյլի, գնահատանքի անդամներ նշանակուեցան պրնք. Մկրտիչ Գանոնճեան եւ Մատաթ Բ. Մամուրեան: Հիւրընկալ ծուխի անունով բարի գալուստի եւ ժողովի յաջողութեան խօսքերով հանդէս եկաւ հոգեւոր հովիւ Տ. Հայ Արի Քհնյ. Թանաշեան: Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մէջ հիւպատոս Պրն. Արա Մկրտիչեան ելոյթ ունեցաւ ողջոյնի խօսքերով:

Ողջոյնի նամակներ ուղարկած էին նաեւ Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան վարչապետ Ն. Վ. Ճասթին Թրուտօ, Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տագ Ֆորտ եւ Օթթաուայի քաղաքապետ Ճիմ Վաթսըն:

Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ամփոփ կերպով ներկայացուց հոգեւորականաց ժողովի տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ գործող յարակից մարմիններու տեղեկագիրները: Ժողովականները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքերը, Վեհափառ Հայրը 2019-ը հռչակած էր «Ընտանիքի Տարի» Առաջնորդարանի դիւանապետ Պրն. Լեւոն Իսախանեան ներկայացուց 2018 տարուան գրասենեակային իր աշխատանքները: Ժողովի Ա. նիստը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 26 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9.00-ին: Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան ներկայացուց իր տարեկան հաշուետուութիւնը, ըսելով. «Այս տարի կ’աւարտի իմ առաջին հովուական շրջանը որպէս Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ, ուստի ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ վերջին հինգ տարիներու Գանատայի մէջ ծառայութիւնս ամփոփող զեկոյցը»: Խօսքի աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց Վեհափառ Հօր, Թեմիս հոգեւոր դասին, Թեմական խորհուրդին, Ծխական խորհուրդներուն, Պատգամաւորներուն եւ բարերարներուն, որոնք կը հաւատան մեր առաքելութիւնը, մեր սէրն ու յարգանքը հաւատաւոր մեր ժողովուրդին, որուն համար կ’ապրինք եւ կը գործենք:Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի շնորհեց լանջախաչ կրելու իրաւունք, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան իր ծուխէն ներս:

Թեմական Խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց Ատենապետ պրն. Օհան Օհաննէսեան: Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ Աւանդապահ մարմնի տեղեկագիրը, որմէ ետք գանձապահ Պրն. Ժան Սաթուրի ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը եւ 2019 ի նախահաշիւը:

Ճաշի դադարէն ետք գումարուեցաւ երրորդ նիստը ուր տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի երեք անդամներու մասնակի ընտրութիւնը, անդամներ ընտրուեցան, հոգեւորականներէն Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան, պրն. Ժիրայր Տոլար եւ պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան, պրն. Արամ Իշնար (անձնափոխանորդ), Կալուածոց մարմնի անդամ ընտրուեցաւ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան: Տեղի ունեցաւ նաեւ հաշուեքննիչ եւ ընտրողական յանձնախումբերու ընտրութիւնները:

Մինչ Առաջնորդի ընտրութեան անցնելը, յանուն թեկնածուներու Հոգ. Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Թեմիս տարուած աշխատանքները Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Ժողովը, Թեմի ծրագիր կանոնագրի համաձայն, ներկայութեան 40 պատգամաւորներու. երկրորդ անգամ ըլլալով Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ վերընտրեց Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը:

Յանուն Թեմի հոգեւորաց դասի, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, շնորհաւորեց վերընտրեալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած պաշտօնին համար: Իրենց շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Հոգ. Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան եւ Հոգ. Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեան, այնուհետեւ Թեմի հոգեւոր հովիւները թափօր կազմած, նորընտիր Առաջնոր Սրբազան Հայրը առաջնորդեցին եկեղեցի ուր կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն:

Նորընտրեալ Առաջնորդը իր անդրանիկ պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ պատգամաւորներուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին աղօթելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան: Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմի հոգեւոր հովիւներուն, թեկնածու Հոգ. Տ. Ներսեհ եւ Հոգ. Տ. Իսահակ վարդապետներուն եւ պատգամաւորներուն, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդի բարձրագոյն պաշտօնը իրեն վստահելուն համար, իսկ վերջաւորութեան շեշտեց կարեւորութիւնը Թեմէն ներս սկսուած աշխատանքի բարգաւաճումին ի խնդիր:

 

Գնահատանքի Յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան.

Որոշուեցաւ Պատգամաւորական 37-րդ ժողովը գ ումարել Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ համայնքի հիւրընկալութեամբ, Մայիս 29-31, 2020 ի շաբաթավերջին:

Ժողովը վերջ գտաւ Առաջնորդ Հօր «Պահպանիչ»ով:

Շաբաթ Մայիս 25-ի երեկոյեան 8.00-ին «The Helenic Banquet Centre» ի մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ ծուխի հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութիւն, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր սրտի խօսքերով հանդէս եկան Առաջնորդ Տ. Աբգար Սրբազան, եկեղեցւոյ հովիւ Տ. ՀայԱրի Քհնյ. Թանաշեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ պրն. Օհան Օհաննէսեան եւ պրն. Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան, երեկոյթը իր աւարտին հասաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ:

Կիրակի Մայիս 26-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ի պատիւ թեմական պատգամաւորներու, հոն եւ շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկոպոս եւ հիւպատոս պրն. Արա Մկրտիչեան:

Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները որոնց բծախնդիր աշխատանքն ու հիւրընկալութիւնը շաբաթավերջը դարձուցին անմոռանալի: