Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմի հիմնադրութեան 40-ամեակի (1984-2024) զուգադիպող, Թեմի Պատգամաւորական 40-րդ Ժողովը գումարուեցաւ, Մայիս 24-25- 2024-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալութեամբ Թեմական Խորհուրդի, նախագահութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի: Ներկայ էին թեմիս եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը ու պատգամաւորները, Վանքուվըրի եւ Գալկարի-ի պատգամաւորները ժողովի մաս կազմեցին առցանց «Zoom»-ի միջոցաւ:
Թեմի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Մայիս 24-ին, առաւօտեան, նոյն երեկոյ տեղի ունեցաւ պատգամաւորական ժողովի առաջին նիստը ժամը 7.30-ին: Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ պրն. Վազգէն Ալթունեան (Միսիսոկայէն), ատենադպիր պրն. Ալեքս Սողոմոնեան Օթթաուայէն հայերէն) եւ տիկ. Հիլտա Թուրշուճուեան -Չաքար (Լաւալէն անգլերէն), խորհրդարանական նշանակուեցաւ տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան (Մոնթրէալէն), գնահատանքի յանձնախումբի որպէս անդամ նշանակուեցաւ Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան (Թորոնթոյէն):
Հիւրընկալ Թեմական Խորհուրդի անունով բարի գալուստի եւ ժողովի յաջողութեան ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ Ատենապետ Պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան, ժողովի յաջողութեան եւ մաղթանքի գիրեր ուղարկած էին Գանատայի վարչապետ Ն. Վ. Ճասթին Թրուտօ եւ Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ. Թեմի փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ամփոփ կերպով ներկայացուց հոգեւորականաց ժողովի տեղեկագիրը, Տիկնանց կեդրոնական խորհուրդի (WGCC) տեղեկագիրը ներկայացուց Ատենապետուհի Տիկ. Տիանա Պօղոսեան, Հայաստանի ծնողազուրկ երեխաներու հիմնադրամի (CFFA) տեղեկագիրը ներկայացուց ատենապետուհի Տիկ. Շողիկ Գրիգորեան, Արարատ ամառնային ճամբարի տեղեկագիրը ներկայացուցին Տիկ. Արփի Քիւրքճեան եւ Պրն. Արիս Քիւրքճեան եւ Հայ-Արդ-Տուն մշակութային մարմնի ատենապետուհի Տիկ. Փառանձեմ Գէորգեան ներկայացուց տեղեկագիրը: Գնահատական խօսքերով վաւերացուեցան վերոյիշեալ տեղեկագիրը:
Ժողովի առաջին նիստը վերջ գտաւ Սրբազան հօր «պահպանիչով»:
Ժողովի երկրորդ նիստը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ 25 Մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով թեմիս պատգամաւորները յոտնկայս ունկնդրեցին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեան գիրը ուղղուած պատգամաւորական ժողովին ընթերցանութեամբ փոխ առաջնորդ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի:
Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց իր զեկոյցը, թեմական խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց ատենապետ պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան թեմիս ծուխերու ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց տարած աշխատանքներուն մասին:
Ճաշի դադարէն ու խմբային յիշատակի նկարահանումէն ետք, գումարուեցաւ երրորդ նկարը:
Ընտրողական յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ, Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան, տեղի ունեցաւ թեմական խորհուրդի երեք անդամներու մասնակի ընտրութիւնը, անդամներ ընտրուեցան՝ Տ. Գեղարդ Աւագ Քհնյ. Կարապետեան, Պետրոս Չինչինեան եւ Ռիչարտ Եղիայեան, կալուածոց մարմնի անդամ ընտրուեցաւ Մելինէ Սագուեան. տեղի ունեցաւ նաեւ հաշուեքննիչ եւ ընտրողական յանձնախումբերու ընտրութիւնները:
Հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրը ներկայացուց Տիկ. Հիլտա Թուրշուճուեան -Չաքար, թեմական խորհուրդի ատենապետ պրն. մկրտիչ Գանոնճեան ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը եւ 2024-ի նախահաշիւը, նոր հարցերու բաժնի մէջ եղան շինիչ առաջարկներ: Գնահատանքի յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան::
Որոշուեցաւ պատգամաւորական 41-րդ ժողովը գումարել Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ համայնքի հիւրընկալութեամբ Մայիս 23-25, 2025-ի շաբաթավերջին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով իր աւարտին հասաւ Թեմի 40-րդ պատգամաւորական ժողովը:
Թեմի 40-րդ Պատգամաւորական երկօրեայ ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթ, Շաբաթ 25 Մայիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 8.00-ին , Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ շքեղօրէն զարդարուած «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ:
Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգերու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար բրշ. Տիրան սրկ. Փառնակօղլու, ապա Սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշկերոյթի ընթացքին իրենց սրտի եւ ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Թեմական խորհուրդի ատենապետ պրն. Մկրտիչ Գանոնճեան, Թեմի փոխ առաջնորդ եւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, գեղարուեստական յայտագիրի իր մասնակցութիւնը բերաւ սիրուած թորոնթoհայ դաշնակահար Արթուն Միսիքճեան, նուագելով դասական երեք կտորներ.
Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ Թեմի հաստատման 40-ամեակի կարկանդակը, բոլորին «Բարի տարեդարձ» երգեցողութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, ներկայ հոգեւորականներու, թեմականի անդամներուն եւ կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամներուն:
Սրբազան Հօր ձեռամբ, Առաջնորդարանի բարձրագոյն «Ս. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուեցան, թեմական խորհուրդի անդամներէն Տիկ. Ռօզին Իմաստունեան, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան երկարամեայ նախկին ատենապետուհի Տիկ. Սելլա Գալթագճեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, եկեղեցւոյ դպրաց դասի դպրապետ բրշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեան եւ կատարողական արուեստի (CAAPA)-ի Ատենապետուհի Տիկ. Լենա Ուզունեան, ծաղկեպսակով պատուեցաւ Երեցկին Նայիրա Զարգարեան:
Երեկոյթի պաշտօնական բաժնի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն շնորհաւորեց պարգեւեալները շաբաթավերջի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, երեկոյթի յաջորդ բաժինը խանդավառեց թորոնթօբնակ երգիչ Լեւոն Քարակիւլլէեան եւ իր «Բարեւ» նուագախումբը, ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ մինչեւ ուշ ժամեր շարունակեցին տօնախմբութիւնը:
Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները, որոնց բծախնդիր աշխատանքն ու հիւրընկալութիւնը շաբաթավերջը դարձուցին անմոռանալի:
Կիրակի Մայիս 26. 2024-ին առաւօտեան, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւարտ պատշաճի քարոզեց թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանը, առընթերակայութեամբ՝ Թեմի փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի եւ Վանքուվըրի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Գեղարդ Աւագ Քհնյ. Կարապետեանի, արարողութեան ներկայ էր եկեղեցւոյս հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան: Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան (Մայիս 28, 1918) առթիւ դրօշակի օրհնութիւն, մասնակցութեամբ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան: