ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.-ի մէկ պարզ արտայայտութիւնը, հայրական յորդորը՝ պետականավայել մարդասիրական վերաբերում ցուցաբերելու նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առողջութեան նկատմամբ, շարունակելով հանդերձ դատական ընթացքը՝ հսկայ հակադարձութիւն յառաջացուցած է մամուլի մէջ, եւ այս անգամ նաեւ՝ պետական բարձրագոյն շրջանակներէ ներս, կաթողիկոսի խօսքի կշիռին անհամեմատ ծաւալով:

Եւրոպայէն, Վրաստանէն եւ այլ շրջանակներէ զօրակցութեան կոչեր հնչած են ի նպաստ Վեհափառին: Իր հերթին Գանատահայոց թեմի հոգեւորականութիւնը իր ձայնը միացուցած է այդ զօրակցութեան, հրատարակելով հաղորտագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է – «Խոր յուսախաբութեամբ տեղեկացանք Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգի, առաւելաբար որոշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մօտ առկայ հոգեւոր սովի եւ կուտակուած թոյնի մասին, որոնք, ցաւօք, համաճարակի զուգահեռ բացայայտօրէն կը տարածուին իշխող վերնախաւի շրջանակներէն ներս»:

«Գանատահայոց թեմի հոգեւորականաց մարմինը զօրավիգ է Վեհափառ Հայրապետին եւ կը միանայ անոր մարդասիրական եւ ազգօգուտ բոլոր կոչերուն»: