Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ յայտարարութենէն ետք կը նկատենք՝ որ եղան ողջունելի արձագանգներ զանազան երկիրներու եւ համաշխարհային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կողմէ, որոնց կարգին է նաեւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին, երբ ան ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը` խրախուսելով երկխօսութիւնն ու բարի կամքի դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան մթնոլորտը խորացնելու ուղղուած ջանքերը:
«Գանատան կ’ողջունէ երկու ատրպէյճանցի եւ 32 հայ զինուորներու ազատ արձակումը եւ դրական կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, որ երկիրները միջազգային ատեաններու մէջ ցուցաբերած են իրարու նկատմամբ:
«Մենք քաղաքական երկխօսութեան այս աննախադէպ բացումը կ’ընդունինք` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող խաղաղ հոլովոյթին ուղղուած քայլ: Մենք կ’ողջունենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած միացեալ ջանքերուն համար:
«Գանատան կ’աջակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային քաղաքական լուծման` հիմնուած Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման հետագայ որոշակի քայլերը: Գանատան կը խրախուսէ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան աջակցելուն», նշուած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: